2011-11-30 13:29:16

Աղօթքի հանդիպում Սուրիոյ Գամիշլի Քաղաքի Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Մէջ։


Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գամիշլիի Ս. Յովսէփի նուիրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որուն մասնակցեցան կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հաւատացեալներ եւ հոգեւոր հովիւներ։
Աղօթքի հանդիպումը սկիզբ առաւ խաղաղութեան համար երգով մը, որուն մէջ հաւատացեալները Աստուծմէ հայցեցին խաղաղութիւն, անդորրութիւն ու միասնականութիւն Սուրիոյ համար , եւ այնտեղ դադրին ամէն տեսակի բռնութիւնները ու թշնամութիւնները եւ Սուրիան իր առջեւ ունենայ խաղաղ ապագայ մը։
Այս առթիւ Բարձր Ճէզիրէի լրատուական գործակալութիւնը հանդիպում ունեցաւ զանազան եկեղեցականներու՝ հոգեւոր հովիւներու հետ, որոնք ցաւ յայտնելով երկրին այս դժուար վիճակին մասին մաղթեցին որ խաղաղութիւնը հաստատուի Սուրիոյ մէջ եւ ինչպէս միշտ Սուրիան մնայ ամուր բերդը որուն մէջ բոլորը կ՝ապրին եղբայրական սիրով ու միասնական հոգիով, այս առթիւ նաեւ՝ իրենց վկայութիւններն ու մաղթանքները կատարեցին ներկայ հաւատացեալները՝ մանուկներ, երիտասարդներ եւ տարեցներ։
Հայ կաթողիկէ համայնքի պետը գերապայծառ Անդրանիկ Այվազեան ըսաւ թէ ՜՜Սուրիան է եւ կը մնայ կրօնքներու եւ բարգաւաճման օրրանը, եւ մենք այսօր եկած ենք մեր աղօթքը բարձրացնելու Տիրոջ՝ որպէսզի խաղաղութիւնը հաստատուի այստեղ։ Յիսուս ըսաւ. ՜՜ եթէ ձեզմէ երկու հոգի միաբանին երկրի վրայ, ինչ որ խնդրեն՝ պիտի ընդունին երկնաւոր Հօրմէս։ Որովհետեւ հոն ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած են իմ անունովս, ես անոնց մէջն եմ՝՝ եւ մենք (աւելցուց գերապայծառ Այվազեան) վստահ ենք որ Ինք՝ Յիսուս հոս ներկայ է եւ Ինքն է մեր ապաւէնը, ու խաղաղութիւնը ստոյգ մօտ է։ Գերպ. Անդրանիկ Այվազեան յիշեց որ Սուրիան միակ երկիրն է որ զօրակցութիւն եւ առանձնաշնորհումներ տուած է եկեղեցիներուն ու աղօթավայրերուն։ Արդարեւ՝ պետութիւնը ազատ պահած է եկեղեցիները հարկեր վճառելէ։ Սուրիան է ու կը մնայ խաղաղութեան Նաւը , թող նահատակներու Ս. արիւնը փրկէ Սուրիան եւ Սուրիացիները...Մենք այսօր հոս խմբուած ենք միասնաբար աղօթելու եւ ասիկա փաստ մըն է որ բոլորս մէկ ենք ու եղբայրական սէրը մեզ բոլորս իրարու կը միացնէ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.