2011-11-29 10:48:34

Վիլնիւսի Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանատուը ։


Վիլնիւսի մէջ Հայաստանի եւ Լիթուանիայի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Աուտրոնիուս Աժուպալիսի մասնակցութեամբ՝ Նոյեմբեր 26ին տեղի ունեցած է Լիթուանիայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Լիթուանիայի խորհրդարանի անդամներ, ԱԳՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Այս առթիւ էդուարդ Նալպանտեան շնորհաւորած է նաեւ լիթուանիահայ համայնքը դեսպանութեան բացման առնչութեամբ, յոյս յայտնելով, որ լիթուանա-հայութիւնը նոր եռանդով պիտի նպաստէ հայ-լիթուանական յարաբերութիւններու զարգացման :
Իր խօսքին մէջ Լիթուանիայի ԱԳ նախարարը՝ յիշատակելով հայ-լիթուանական պատմական առնչութիւնները, նշած է որ Հայաստանի դեսպանութեան հիմնումը նոր էջ պիտի բանայ երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ, եւ Լիթուանիայի իշխանութիւնները առաւելագոյնս պիտի աջակցին դեսպանատան գործունէութեան:
ՀՀ պետական օրհներգի հնչիւններուն տակ՝ Լիթուանիայի մէջ ՀՀ դեսպան Արա Այվազեան բարձրացուցած է ՀՀ Պետական Դրօշը: Այնուհետեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Խոսրով Ստեփանեան՝ կատարած է դեսպանատան օծման կարգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.