2011-11-29 10:48:05

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ
Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի Տարեկան Լիանիստ Ժողովը։


29 նոյեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ սկիզբ առաւ Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի տարեկան լիանիստ ժողովը որ վերջ կը գտնէ դեկտեմբեր մէկին։
Նիստերու բացումը եւ բակման խօսքը կը կատարէ վերոյիշեալ խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Էննիօ Անթոնելլին։ Նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Կարտինալ Տիոնիճի Թեթթամացի` Միլանոյի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը, Կարտինալ Բիթէր Թուրքսոն արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, եւ Կարտինալ Ժորժ Բելլ` Սիտնէյի Արքեպիսկոպոս։
Հաւաքին իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն նաեւ հինգ ցամաքամասերէ Վատիկան ժամանած աշխարհական մասնագէտ զոյգեր։ Ժողովականները միասնաբար պիտի խորհրդածեն նաեւ յառաջիկայ տարուայ` 2012 ընթացքին կարեւոր երկու հանդիպումներու մասին <<Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումը>> որ տեղի կ՛ունենայ Միլանոյի մէջ մայիսին եւ <<Նոր Աւետարանութեան>> Սիւնհոդոսը որ տեղի կ՛ունենայ Վատիկան 2012 հոկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.