2011-11-29 10:38:42

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Շաբաթ 26 Նոյեմբերին Ներկայ Գտնուեցաւ Համերգի Մը, Տրուած՝ Սպանիոյ Ասդուրի Իշխանապետութենէն։


Համերգը տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահը եւ որուն աւարտին Սրբազան Հայրը կազմակերպիչներուն ուղղեց խօսք մը որուն մէջ դրսեւորեց սպանական երաժշտութեան յարուցած զգացումները, մէջբերելով սպանական ողբերգութիւնը կեանքի մը որ խաղաղութիւն չի գտներ, նման Տոն Խուանի, որ ի վիճակի չէ հարազատութեամբ ապրիլ սէրը ու իր գոյութեան պարապութիւնը։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ սպանական ժողովուրդին կրօնական տարրը` զգալի գործադրուած երաժշտութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.