2011-11-29 10:37:06

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի Ռեպիպիա Բանտը Պիտի Այցելէ Յիսուսի Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով։


Յառաջիկայ դեկտեմբեր 18-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի Ռեպիպիա բանտը, ուր կալանուած են 350 կիներ եւ շուրջ 2000 այրեր։
Մէկ ու կէս ժամուայ կեցութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը պիտի պատասախանէ բանտարկեալներուն հարցումներուն, ինչպէս նաեւ պիտի օրհնէ իրեն ի պատիւ տնկուած ծառ ։ Յայտնենք որ Ռեպիպիա բանտը մայրաքաղաքին մեծագոյն կեդրոնն է։
Բանտին մատրան մէջ, Նորին Սրբութեան հանդիպումը շուրջ 300 բանտարկեալներու հետ , պիտի պատկերասփռուի ուղղակիօրէն, կարելիութիւն տալու մնացեալ բանտարկեաներուն հետեւելու Սրբազան Հօր բանտ այցելութեան ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երկրորդ անգամն է որ այցելութիւն կը կատարէ բանտարկեաներուն։ Առաջինը՝ 2007ին , անչափահասներու բանտը կատարած այցելութիւնն է։
Ասկէ առաջ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը իր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին, յաճախ այցելութիւններ կատարած էր բանտարկեալներուն։ Միմիայն Իտալիոյ մէջ, ան 10 անգամ այցելած էր բանտերը։
Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը եւս Հռոմի Ռեճինա Չելի բանտը այցելած էր 1964-ի 9 ապրիլին, իսկ երանելի Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը 26 դեկտեմբեր 1968ին։
Նախքան, 10 սեպտեմբեր 1870ին՝ Պիոս Թ. Քահանայապետը այցելած էր Հռոմէական բանտ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.