2011-11-29 12:32:09

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Համաժողով Փախոս Քաղաքին Մէջ- Կիպրոս։


Կը մասնակցի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։
Արամ Ա. կաթողիկոս Կիպրոսի մէջ կը նախագահէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի հնգանդամ պատուիրակութեամբ. անոր մաս կը կազմեն Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան եւ Ազգային Նարեկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեան:
Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները կը մասնակցին համաժողովին, որուն օրակարգի գլխաւոր հարցերը են` անցնող չորս տարիներուն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին գործունէութեան քննարկումը, նոր կառոյցի վաւերացումը եւ նոր ընդհանուր քարտուղարի, նախագահի ու գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.