2011-11-29 10:38:01

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Վատիկանի Ընդհանուր տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբաթական խմբագրականը դարձեալ նուիրած է Ափրիկէի՝ <<Ափրիկէի երկու դռները>> տիտղոսով։

Ուիտայի մայր տաճարին մէջ <<Ափրիկէի յանձնառումը>> Առաքելական Յորդորագիրի ստորագրութենէն անմիջապէս առաջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձ կատարած էր <<երկու դռներու>> որ կը գտնուին մօտակայ ատլանտիան ովկիանոս ծովափի վրայ։
Ափրիկէի եկեղեցին - ըսած էր Նորին Սրբութիւնը - կանչուած է յառաջ տանելու խաղաղութեան եւ արդարութեան գաղափարականները։ <<Անվերադարձի դուռը>> եւ <<փրկութեան դուռը>> մեզ կը յիշեցնեն այս պարտականութիւնը եւ մեզ կը մղեն դատապարտելու եւ պայքարելու ստրկութեան ոեւէ մէկ երեւոյթի դէմ։

<<Անվերադարձի դուռը>> այն դուռն էր որուն նրբանցքէն կ՛անցնէին ստրուկները նավերու վրայ աշխատելու համար։ Այս դուռը կը նշանակէր անոնց անհատական արժանապատութեան վերջնական կորուստը։ Մինչ <<փրկութեան>> դուռը որ կառուցուած էր կաթողիկէներու կողմէ ճիշդ առաջին դռան մօտ, յիշեցնելու համար որ այս ծովափի վրայ վայրէջք կատարած էին քարոզիչները եւ այդ վայրէն տարածուած էր, Աւետարանի Փրկութեան Աւետիսը համայն Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ ։
՜՜Ափրիկէի երկու դռները՝ Ցամաքամասին Մութ ու լուսաւոր կողմը։ կը հանդիսանայ ամենէն ամօթաբեր ցաւը եւ Յոսը։
Անկողմնակից մեկնաբաններ յայտարարած են որ չկայ աւելի կատարեալ եւ յստակ թղթածրար մը, կարող յայտնաբերելու Ափրիկեան Ցամաքամասի հարցերը որքան ըրած է առաքելական յորդորագիրը։
Անիկա տպաւորիչ իրապաշտութեամբ փաստաթուղթ մըն է որուն մէջ ներփակուած է ափրիկեան ժողովուրդներու արժանապատութեան հանդէպ մեծ յարգանք։ Փաստաթուղթ մը որ արտացոլումն է ազատ ափրիկեան խորհրդածութեան որ իր ամբողջացումը կը գտնէ քրիտոնէական փրկարար եւ ազատարար աւետումին մէջ, որ կարող է մնալ տիեզերական եւ դառնալ իրապէս <<Ափրիկեան>>. բանալով ապագայի ի տես՝ նոր յանձնառումի հորիզոններ։
Բարեկամ եւրոպացի լրագրող մը, կը գրէ Հայր Լոմպարտի իր խմբագրականին մէջ, ինծի յուզմունքով խոստովանեցաւ ըսելով՝ ՜՜ որպէս կաթողիկէ, Պենինի մէջ ինքզինքս զգացի անդամ Տիեզերական ընտանիքի մը՝՝։ Սրբազան Քահանայապետը հոգեւոր Պետն է ափրիկեցիներուն որքան որ է նաեւ եւրոպացիներուն եւ իր հետ տարաւ մեծ յոյսի պատգամ մը. եւ անոր սահմանուած ընդունելութիւնը, ցոյց տուաւ այս բոլորը։
Գուցէ այս դէպքը առիթ տայ նաեւ արեւմուտքին` խորհրդածելու։ Ասոր համար ալ Սրբազան Հայրը Ափրիկէն նկատեց որպէս մարդկութեան <<հոգեւոր տրոփուն սիրտը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.