2011-11-29 10:48:27

ԼՂՀ Նախագահը Լոս Անճելըսի Մէջ Մասնակցած է Հայկական Առաջին Թատրոնի Բացման։


Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 25ին մասնակցած է Լոս Անճելըսի հայկական առաջին “Շանթ” թատրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Երախտագիտութիւն յայտնելով բարերար Ռոպերթ Օղլաղճեանին (այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելուն համար) նախագահ Սահակեան չափազանց կարեւոր համարած է հայկական թատրոնի բացումը Սփիւռքի ամենահայաշատ վայրերէն մէկուն մէջ` ընդգծելով, որ ատիկա մեծապէս պիտի նպաստէ հայապահպանութեան, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ամերիկեան հասարակութեան հայկական մշակոյթի հետ ծանօթացման գործին: Բացման հանդիսութեան մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան, ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, քաղաքային իշխանութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.