2011-11-29 08:49:26

Ընտրութիւնները Եգիպտոսի Մէջ։ Ընդդիմադիրները կը Շարունակեն Իրենց Բողոքները։


Այսօր Եգիպտոսի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի կ՝ունենան։ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Ապտել Մաազ Իպրահիմ «Շարք Ասուաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Եգիպտոսի 9 նահանգներուն մէջ:
«Ալ-Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսլամ եղբայրները յայտարարած են, որ ընտրութիւններէն գոյանալիք Խորհրդարանական մեծամասնութիւնն է, որ նոր կառավարութիւնը պիտի կազմէ: Բայց եւ այնպէս Զինեալ Ուժերու Ընդիմադիրները կը շարունակեն իրենց բողոքները ,սպառնալով միաժամանակ խափանել ընտրութիւնները։

Եգիպտոսի իշխող Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մարաջախտ Թանթաուի հանդիպում ունեցաւ նախագահութեան հաւանական թեկնածուներ Մոհամետ Պարատէիի եւ Ամր Մուսայի հետ` քննարկելով նոր նշանակուած վարչապետ Քամալ Ժանզուրիի «կառավարութեան զօրակցելու» հարցը: Ան ըսաւ, որ հանդիպումը տեղի ունեցած էՄոհամմէտ Պարատէիի եւ Ամր Մուսայի փափաքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.