2011-11-29 11:43:29

2011-ը "ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ" Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։
Հայ Մանուկի Տարին Եւ «Մշակոյթի Տաղանդաւոր Պատանիներ»Ձեռնարկը Կլենտէյլի Մէջ։


Դաշնամուրով, երգերով, կիթառով, ջութակով, գծագրութիւններով ու պարով տօնակատարուեցաւ Հայ Մանուկի Տարին(վերջերս) Կլենտէյլի մէջ։ Ձեռնարկը՝ «Մշակոյթի Տաղանդաւոր Պատանիներ» անունին տակ, կազմակերպուած էր Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին կողմէ։
Աւելի քան 60 աշակերտներ բեմ բարձրացան, ներկայացնելով երկու ժամ տեւողութեամբ գեղեցիկ ծրագիր մը «Գրիգոր Եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ։ «Ձեզի պիտի հրամցնենք հունցք մը, բայց այս անգամ տարբեր հունցք մը, կազմուած մշակոյթի նուիրեալ տաղանդաւոր պատանիներով», ըսաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Ալին Պզտիկեանը, իր բացման խօսքին մէջ։
«Կլենտէյլի մասնաճիւղ ըլլալով՝ փափաքեցանք լուսարձակի տակ դնել Կլենտէյլի մէջ գործող գեղարուեստի դպրոցները եւ անոնց տաղանդաւոր աշակերտները», աւելցուց Պզտիկեան։ Սակայն ծրագիրին մասնակցեցան նաեւ Կլենտէյլի սահմաններէն դուրս ապրող քանի մը պատանիներ։ Բոլոր մասնակցողները, ինչպէս նաեւ իրենց ուսուցիչները, ստացան պատուոգիրներ «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին կողմէ։

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։ Ներկաները խորապէս ոգեւորուած եւ հիացած էին, վայելելով բազմաթիւ տաղանդներ։
«Ինչո՞ւ պէտք է կրթենք հայ մանուկը»:
Հայկական իրականութենէն մեկնելով `անպայման հարցում մը կը ծագի մեր մտքերուն մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք է կրթենք հայ մանուկը»: Պատասխանը պարզ է. որպէսզի ունենանք եւ պատրաստենք հայ նոր սերունդը` այսօրուան համար, բայց անպայման վաղուան համար` իր ամբողջական մշակոյթի ժառանգորդի հասկացողութեամբ: Հայուն ամբողջական մշակոյթը իր ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն ու գրականութիւն. աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, նաեւ` քրիստոնէական հաւատքը: Կարելի չէ հայը պատկերացնել միայն ազգային ինքնութեամբ` առանց ներառելու քրիստոնէական հաւատքը, նաեւ կարելի չէ հակառակը ընել:








All the contents on this site are copyrighted ©.