2011-11-28 13:01:02

Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Մէջ Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին։


Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը այս առաւօտ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վատիկան այցելութեան շրջագիծին մէջ, վարչապետ Միքաթի հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի ձայնասփիւռի պաշտօնական կայանին հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետը նշեց, որ պապին հետ ունենալիք իր հանդիպումին ընթացքին ինք պիտի շեշտէ, որ լիբանանցիները կառչած կը մնան իրենց ազգային միասնականութեան եւ գոյակցութեան, հակառակ անոնց սպառնացող բոլոր վտանգներուն:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կը շարունակէ մնալ ժողովրդավարութեան տիպար օրինակը, շրջանին մէջ արձանագրուած բոլոր զարգացումներուն կողքին: Ան նշեց նաեւ, որ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը մեծ եղած է երկրին ազատութեան ու ժողովրդավարութեան արժէքները ամրապնդելու առումով:
Միքաթի ապա յայտնեց, որ ինք վերստին պիտի հրաւիրէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը, այցելելու՝ Լիբանան ու ընդգծեց, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ արդարութիւնը բանեցնելու իր կեցուածքէն, որովհետեւ ան չի կրնար անտեսել երկրին մէջ արձանագրուած ոճիրներն ու սպանութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.