2011-11-28 13:03:29

Սան Շամոնի Ս. Ներսէս Շնորհալիի Անուան Հայ Կաթողիկէ Նոր Եկեղեցւոյ Օծում՝ Եւ Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճանի Տուչութիւն Լիոնի, Սան Շամոնի Ու Վիէնի Ժողովրդապետ՝Գերապատիւ Հ. Անդրանիկ Վրդ. Ադամեանին- ֆրանսա


ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը արհի. Գրիգոր եպ. Ղապրոյեան, Շաբաթ 3 դեկտեմբերին պիտի օրհնէ, Սէն Շամոնի Ս. Ներսէս Շնորհալիի անուան եկեղեցին որպէսզի սոյն եկեղեցւոյ մէջ կարելի ըլլայ արարողութիւնները կատարել, քանի որ այս եկեղեցւոյ՝ Սէն Շամոնի Ս. Ներսէս Շնորհալիի անուան եկեղեցւոյ պաշտօնական օծումը պիտի կատարէ Ամեն. եւ Գերերջ. Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը յառաջիկայ տարի՝ 2012-ի՝ 3 մարտին։
Կիրակի 4 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագ պիտի մատուցէ ժողովրդապետը՝ գեր. Հ. Անդրանիկ վրդ. Ադամեան ։
Նաեւ այս առթիւ արհի. Գրիգոր եպ. Ղապրոյեան ծայրագոյն աստիճանի կարգը պիտի շնորհէ Հ. Անդրանիկ Ադամեանին տալով անոր լանջախաչն ու գերյարգելիի մատանին, առ ի գնահատանք հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, անոր 38 տարիներու ծառայութեան ըլլայ Միջին Արեւելքի եւ ըլլայ Ամերիկաներու մէջ եւ այժմ ֆրանսայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.