2011-11-28 13:01:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Սպասէ ՜՜Պատասխանատու, Հաւատաւոր Եւ Զօրավիգ Պատասխան Մը՝՝ Տիւրպանի Բնապահպանութեան Գիտաժողովէն։


Կիրակի օրը կէսօրին, Հրեշտակ Տեառն աղօթքին ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խօսքը ուղղեց Ափրիկէի Տիւպրան քաղաքին մէջ, Կլիմայի գիտաժողովին մասնակցողներուն, անոնցմէ խնդրելով պատասխան մը որ ըլլայ ՜՜պատասխանատու, հաւատաւոր եւ զօրաաւիգ՝՝ յաչս կլիմայի յեղաշրջումին եւ միաժամանակ անոնցմէ խնդրեց որ նկատի առնեն աղքատ ժողովուրդներու եւ ապագայ սերունդի պահանջները։
Աշխատանքներու բացման օրը, Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի մէջ կ'ընդունի շուրջ տասը հազար աշակերտներ, որոնք յանձնառումով կ'աշխատին բնութեան պաշտպանութեան ծրագրի մը մասին։ Սրբազան Քահանայապետը անոնց խօսեցաւ արարչագործութեան պաշտպանութեան ու պահպանումի մասին եւ ստիպողական կարիքը իմաստուն բնապահպանութեան։
Բազմաթիւ դէտերու գնահատումով, Հարաւային Ափրիկէի Տիւպրանի ժողովը, որուն աշխատանքները պիտի երկարին մինչեւ 9 դեկտեմբեր, վերջին կարելիութիւնն է Քիոթոյի բնապաշտպանութեան ընթացքին, քանի 2009-ի Գոբենհակի ժողովը կատարեալ ձախողութիւն մը հանդիսացաւ։ Ս. Աթոռի կողմէ Տիւպրանի ժողովին կը մասնակցի գերապայծառ Ալան Լըպոբէն։ Ան ՄԱԿի մօտ մնայուն դէտն է բնապաշտպանութեան ու բնակչութեան հայող հարցերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.