2011-11-28 12:59:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 28 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթին, անոր կողակիցը ու իրեն ընկերացող շքախումբը։
Ժամը 11.30ին Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ Ուելլէի հետ, ապա ժամը 12ին ընդունեց կարտինալ Ժասդին ֆրանսիս Ռիկալի՝ Միացեալ Նահանգներու ֆիլատելֆիոյ երբեմնի Արքեպիսկոպոսը։
Ժամը 12.20ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ութը հազար իտալացի դպրոցականներուն, <<քոյր բնութիւն>> հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումի առիթով։
Այս ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ ՅՊԲ.ի կողմէ Ասիզացի Սուրբ ֆրանչէսկոսի
<< բնապահպանութեան երկնային պաշպան>> հռչակման 23րդ տարեդարձի առթիւ։ <<Քոյր բնութիւն>> հիմնարկի նպատակակէտն է՝ կեանքի յարգանքի վրայ հիմնուած՝ բնութեան պահպանումի իտէալի քարոզչութիւնը։
Ունկնդրութեան ներկայ էր նաեւ Ասիզիի Առաջնորդը՝ գերապայծառ Տոմէնիքօ Սօրրէնթինոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.