2011-11-27 12:42:16

Սուրբ Երկիր եւ Վատիկան - Նախաձեռնութիւններ Ս. Ծննդեան Պատրաստողական Շրջանին Առիթով


Ըստ Լատին եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան, Գալստեան Առաջին Կիրակիի առիթով սկիզբ առաւ ՜՜Ս. Ծննդեան առիթով դարձիր քու հիմերուդ՝՝ զօրակցութեան քարոզարշաւը՝ որ ունի որպէս նպատակակէտ, նեցուկ կանգնիլ Բեթղեհէմի մանուկներուն, երիտասարդ ընտանիքներուն եւ տարեցներուն։ Հանգանակութենէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի չքաւորներուն, հասցնելով անոնց՝ անմիջական օգնութիւն, յատկապէս այդ չքաւորներուն առողջապահական պահանջքները լրացնելու նպատակով։
Վատիկանի Սրբուհի Աննայի անուան եկեղեցին եւս Սուրբ Ծննդեան պատրաստողական այս շրջանին առիթով կազմակերպած է աղօթքի պահեր ու զօրակցութեան նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի կատարուին 29 նոյեմբերէն մինչեւ 7 դեկտեմբեր։
Իսկ 8 դեկտեմբերին առաւօտ, նախատեսուած է Սուրբ պատարագի արարողութիւն մը, գլխաւորութեամբ Վատիկանի Պետութեան ընդհանուր Քարտուղար գերապայծառ Ճուզեբբէ Շաքքայի։
Ապա շաբաթ՝ 10 եւ 17 դեկտեմբերին, նախատեսուած են համերգներ մինչ 16 հեկտեմբերին սկիզբ կ՛առնէ Ծննդեան իննօրեան։
Նշենք նաեւ որ 16 եւ 17 դեկտեմբերին Վատիկանի Պարենային շուկայի մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Գարիթաս բարեգործական հաստատութեան տեղի կ՛ունենայ սննդեղէնի հաւաք մը աղքատներուն ու կարիքաւորներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.