2011-11-27 12:42:05

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 27 նոյեմբեր 2011 կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումներուն մասին մատնանշելով յատկապէս լատին եկեղեցւոյ ծիսական նոր տարւոյն` որ սկիզբ կ'առնէ այսօր, զայն որակելով որպէս <<հաւատքի նոր ճանապարորդութիւն մը որ` քրիտոնեայ հասարակութիւններէն ներս` պէտք ենք ապրիլ միասնաբար, ու նաեւ եւ ինչպէս միշտ աշխարհի պատմութեան նոր ընթացք մը բացուած Աստուծոյ խորհուրդին ու անոր փրկարար անհուն սիրոյն>>։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ օրուան աւետարանի մէջ Յիսուսի կոչին <<Արթուն կեցէք եւ հսկեցէք>>։Կոչ մը որ մեզի կ'ուզէ յիշեցնել - յարեց Նորին Սրբութիւնը - թէ մեր կեանքը չունի միայն երկրային ընթացք մը` այլ ցոլացում մըն է դէպի երկինք։ Յիսնակաց այս շրջանը ամէն տարի մեզի կ՛ուզէ յիշեցնել մեր կեանքի իսկական ուղղութիւնը որ կը տանի մեզ դէպի Աստուած որ է Հայր ու Բարեկամ։
Մեր աշխարհը պէտք ունի <<հսկողներու>> եւ <<Յոյսի պատգամաբերներու>>։ Տիրամօր հետեւելով հսկենք ու աղօթենք սպասելով Տիրոջ գալստեան։ Բարի նոր ծիսական տարի մը բոլորիդ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - եզրափակելով խօսքը եւ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.