2011-11-27 10:29:21

Երեւանի ԹԵԼԵԹՈՆ-ին՝ 12 Միլիոն Տոլար Հանգանակութիւն


Հինգշաբթի 24 Նոյեմբերին, ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամով )սկսած եւ ուրբաթ 25 Նոյմբերի 8:00-ին աւարտած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2011»-ի իբրեւ արդիւնք հաւաքուած է 12,286,478 ամ. տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում:
Հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Յասմիկ Գրիգորեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ թէեւ Թելեթոնը 25 Նոյեմբերի առաւօտեան աւարտեցաւ, սակայն Թելեթոնի աշխատանքները մինչեւ դեկտեմբեր պիտի շարունակուին:
Յասմիկ Գրիգորեան յայտնեց, որ անցեալ տարի Թելեթոնը տեղի ունեցաւ «ջուրը» խորագիրով եւ իբրեւ արդիւնք տասնեակէ մը աւելի գիւղական եւ քաղաքային համայնքներ Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ այսօր ջուր եւ կանոնաւոր ջրամատակարարում ունին: Ըստ անոր, իրենց նախնական հաշուարկներով շուրջ 27 հազար մարդ խմելու ջուր ունի, բայց քանի որ տակաւին կան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնք խմելու ջուրի խնդիր ունին, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին որոշումով խմելու ջուրի խնդիրին ուղղուած ծրագիրները, այս տարի եւս պիտի շարունակուին:
Այս տարի գումարները հիմնականին մէջ պիտի օգտագործուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ջրամատակարարման մարզի ենթակառոյցներու բարեկարգման եւ Հայաստանի մէջ ընդհանուր համայնքներու զարգացման ու ենթակառոյցներու բարեկարգման:








All the contents on this site are copyrighted ©.