2011-11-26 13:13:48

Կաթողիկէ եւ Մահմետական Պատասխանատուներու Հանդիպում ''Տրամաբանութիւն, Հաւատք Եւ Մարդկային Անհատը'' նիւթին մասին։


Նախաձեռնութեամբ Վատիկանի միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի եւ Ահլ Ալ Պէյթ Յորդանանի թագաւորական հաստատութեան, 21-23 նոյեմբեր Յորդանանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդ հանդիպումը կաթողիկէ մահմետական կլոր սեղանին, առաջինը Հռոմ տեղի ունեցած էր 2008-ի նոյեմբերին։
Կաթողիկէ եւ մահմետական 24 մասնագէտներ բանակցեցան ''տրամաբանութիւն, հաւատք եւ մարդկային անհատը'' նիւթին մասին։ Յայտնենք որ կլոր սեղանին կը մասնակցի կարտինալ Թոռան` նախագահը Վատիկանի միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.