2011-11-26 13:11:35

Ընտանիքներու Քահանայապետական Խորհուրդի Անդամները Կը Հանդիպին Սրբազան Քահանայապետին Հետ։


Յառաջիկայ 29 նոյեմբերէն մինչեւ 1 դեկտեմբեր Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ընտանիքներու Քահանայապետական խորհուրդի Լիակատար նիստը , որուն աւարտին 1 դեկտեմբերին նիստի մասնակիցները պիտի ընդունուին Սրբազան Հօր կողմէ։
Նիստը տեղի կ՛ունենայ երկու տարեդարձներու առթիւ. առաջինը՝ "Familiaris consortio" առաքելական յորդորագիրի հրատարակման (22.11.1981) 30րդ տարեդարձի առթիւ, իսկ երկրորդը՝ սոյն խորհուրդի՝ Ընտանիքներու Քահանայապետական Խորհուրդի ստեղծման 30րդ տարեդարձին առթիւ (13 մայիս 1981)։ Նիստի ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ յառաջիկայ 2012-ի՝ մայիս 30էն - յունիս 3, Իտալիոյ Միլան քաղաքի մէջ գումարուելիք Ընտանիքներու 7-րդ համաշխարհային հանդիպումի գործընթացքը։ Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եւս, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ընտանիքներու 7-րդ համաշխարհային հանդիպումի վերջին երկու օրերուն։ www.familia.va ։








All the contents on this site are copyrighted ©.