2011-11-25 13:37:53

Ռատիօ Վատիկանի 80 ամեակի առթիւ՝Ճանչնանք Վատիկանի Ռատիոկայանի Յայտագիրները
Այսօր կը խօսինք Լեհական հաղորդումներու մասին։


Տարին երկու անգամ - Ծնունդի եւ Սուրբ Զատկուայ առիթներով - Սրբազան Քահանայապետը տասնեակ լեզուներով բարեմաղթութիւններ կը յայտնէ աշխարհի ազգերուն։ Այս աւանդութիւնը սկիզբ առած է, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետի օրով եւ կարեւորութիւն ունեցած՝ ՅՊԲ. Գարոլ Վոյթիուայի Քահանայապետութեան շրջանին։
Այդ ժամանակուայ Ռատիովատիկանի լեհական յայտագրի խմբագրական կազմը, մտածելով որ Սրբազան Քահանայապետին Urbi et Orbi առաքելական օրհնութեան ընթացքին հրապարակային բարեմաղթութիւնները կրնան Սլավ լեզուի ազգերուն մէջ յոյսի նշոյլ մը յարուցել, որոշեցին Սրբազան Հօր քարտուղարին դիմել, եւ անոր հաւանութիւնը առնելէ ետք՝ գործի լծուեցան, այսպէս՝ Ռատիովատիկանի զանազան յայտագիրներէն իմանալով մաղթանքները իւրաքանչիւրին լեզուով, Սրբազան Հօր համար սկաւառակ մը պատրաստեցին, որպէսզի ան արտասանէր։
Թէեւ Լեհ յայտագրի պատմութիւնը սերտ կապ ունի ՅՊԲ. Լեհ քահանայապետին հետ , անոր սփռումները սակայն, սկիզբ առած էին աւելի առաջ, 20 մարտ 1931-ին, Լեւոն ԺԳ քահանայապետի Rerum novarum, շրջաբերական թուղթի հրատարակման 40-րդ տարեդարձին առթիւ, ճիշտ Վատիկանի ձայնասփիւռի հիմնադրութենէն մէկ ամիս ետք։ Լեհ յայտագիրներու կանոնաւոր սփռումները սկիզբ առին 1938-ի՝ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի նախօրեակին։ 1939-ին, Լեհաստանի առաջնորդը՝ կարտինալ Աուկուսդ Հլոնտ, Վատիկանի ձայնասփիւռի միջոցաւ դատապարտեց Լեհաստանի մէջ իրագործուած Հիդլերական բռնութիւնները։ Իսկ <<սդալինեան>> բռնատիրութեան ընթացքին Ռատիովատիկանի Լեհ յայտագրի առաքելութիւնը եղաւ ՜՜ ճշմարտութեան պատգամաւոր ըլլալ , քանի որ Լեհաստանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կարելիութիւն
չունէր ընկերային հաղորդամիջոցներ ունենալու եւ այս ուղղութեամբ Վատիկանի ձայնասփիւռը դարձաւ նաեւ միջոց՝ հաւատացեալներու հոգեւոր կազմաւորումին։

ՅՊԲ.ի քահանայապետութեան ընթացքին Ռատիովատիկանի Լեհ յայտագիրը ունեցաւ նոր ընթացք։ Անոր խմբագրականները կ՛ընկերանային Նորին Սրբութեան Ճամբորդութիւններուն ունկնդիրներուն, ներկայացնելով համայն աշխարհէն լուրեր եւ նորութիւններ։ Յատուկ առիթներ հանդիսացան Սրբազան Քահանայապետի Լեհաստան կատարած այցելութիւնները, որոնք Լեհերէն յայտագրին առիթ տուին իր գոծունէութիւնը ընդլայնելու եւ նորանոր գործակիցներու ծանօթանալու։ 1979 - 1995, Վատիկանի ձայնասփիւռէն կը սփռուէին նաեւ Լեհերէնով Սուրբ պատարագ։
Պերլինի պատի փլուզումէն ետք, Լեհաստանի կացութիւնն ալ բարելաւ փոփոխութիւններ կրեց։ Վատիկանի եւ Լեհաստանի միջեւ վերահաստատուեցան դիւանական յարաբերութիւնները եւ 1990-ին՝ Փոլսքի Ռատիոկայանի հետ ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որ կը նախատեսէ Ռատիովատիկանի Լեհ յայտագիրներու վերասփռումը այդ ռատիոկայանի ալիքներուն միջոցաւ։
Լեհ յայտագրի ուժը՝ կայքէջն է եւ լրատուական թերթիկը, որոնք ամէն օր լոյս կը տեսնեն, Ռատիովատիկանի յայտագիրներու բովանդակութիւնները, օգտակար կը դառնան կաթողիկէ ուրիշ լրատուամիջոցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.