Ուրբաթ 25 նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց
Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոս եւ Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարտինալ
Փիթէր Էրտօ-ն , ընկերակցութեամբ՝ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի փոխ նախագահներուն,
քարտուղարին եւ ենթաքարտուղարին։ Հուսկ Ժամը 11.20ին Սրբազան հայրը ընդունեց Միացեալ
Նահանգներու եպիսկոպոսական դասի կարգ մը եպիկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ
կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ժամը 12ին Գլեմենթինա
Սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ ունկնդրութիւն շնորհեց Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի
տարեկան Լիանիստ Համաժողովի մասնակցողներուն թիւով 80 հոգի։ Իսկ յետ միջօրէի՝ ժամը 18ին,
Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի քարտուղար՝ գերապայածառ Լուիս ֆրանսիսքօ
Լատարիա ֆէրրէրը։