2011-11-25 13:38:44

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայ մեծ դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան։
Հայազգի դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան ծնած է Ալեքսանտրապոլի (այժմ Գիւմրի) մէջ 10 Օգոստոս 1909-ին, ուր եւ ստացած է իր կրթութիւնը ու հետեւած երաժշտութեան։ Հայ Սովետական ժողովրդական արթիսթ 1961-ին. 1923-էն աշխատած է հայֆիլհարմոնիայի լենինականի բաժանմունքի արեւելեան գործիքներու անսամպլին մէջ, կարճ ժամանակ մը Պագուի մէջ աշխատելէ ետք վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ ապա 1939-ին, տեղափոխուած է Երեւան ու նուագած հայֆիլհարմոնիայի ժողովրդական գործիքներու նուագախումբին մէջ, ապա, Ռատիոկոմիտէի ժողովրդական գործիքներու անսամպլին մէջ մանաւանդ՝ 1952-էն եղած էր Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի ժողովրդային գործիքներու անսամպլի մենակատարը։ Համերգներով հանդէս եկած է Խորհրդային Հայաստանի տարբեր վայրերու ու նաեւ Մոսկուայի, Թիֆլիսի, Պագուի, Դաշքենտի, Աշխապատի եւ Թոնի Ռոստով քաղաքներու մէջ։ Հայազգի թութուկահար Լեւոն Մատոյեանի երգացանկը կազմուած էր, հայկական ժողովրդական եւ գուսանական երգերէ , պարեղանակներէ , արեւելեան երաժշտատեսակներէ ու հայ երգահաններու գործիքային ստեղծագործութիւններէ։
Ան գտած է ու վերանուագաւորած՝ Շիրակի բազմաթիւ մոռցուած երգեր ու պարեղանակներ։ Հայազգի դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան մեծ վարպետութեամբ կը նուագէր որով գրաւած է յայտնի երաժշտասէրներու ուշադրութիւնը, ու մեծ գնահատանքի արժանացած իր ՜՜Հովուի կանաչը, Մաճկալ, Որսկան Ախպէր եւ Դու էն գլխէն երգերու գործիքային մեկնաբանումները։
Հայ մեծ դուդուկահար՝ Լեւոն Մատոյեան իր մահկանացուն կնքած է 55 տարեկանին, Երեւանի մէջ 19 Սեպտեմբեր 1964-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.