2011-11-24 12:04:36

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կը Դատապարտէ Եւրոպայի ''Անհանդրժող Աշխարհականացումը''. Աւետարանացումի Նոր Գարունը։


Առողջ աշխարհականացումի կից Եւրոպայի մէջ կայ նաեւ անհանդրժող աշխարհականացում, յայտարարած է կարտինալ Պերթոնէ` Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը, բացումը կատարելով նոր աւետարանութեան գիտաժողովին որուն աշխատանքները տեղի կ'ունենան Վատիկանի մէջ, Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի հաստատման 40-րդ տարեդարձին առիթով։
Պետական քարտուղարը քննադատեց անհանդրժող աշխարհականացումը, որ կը մտի ջնջել Աստուծոյ գոյութիւնը ու հաւատքը հրապարակային կեանքին մէջ, ընդհարոումի մատնելով քրիստոնեական արժէքները ու աւանդութիւնները. ինչպէս զոր օրինակ` այր եւ կնոջ միջեւ ամուսնութիւնը, կեանքի պաշտպանութիւնը յղացումէն մինչեւ բնական մահը ...։








All the contents on this site are copyrighted ©.