2011-11-24 12:37:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։ Իտալական Գարիթասի Գործունէութեան 40 Ամեակը։


Հինգշաբէի 24 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11ին Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու եպիկոոսական դասի կարգ մը եպիկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Կէսօրին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Գարիթասի անդամներուն՝ այս բարեգործական հաստատութեան գործունէութեան 40 ամեակի առթիւ։
Նշենք որ Հանդիպումէն առաջ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Իտալական Գարիթասի անդամները ժամը 10.30ին մասնակցած էին Սուրբ Պատարագին որուն նախագահած էր Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն` Իտալիոյ եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահը։

Գարիթասի անդամներուն արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը իր գնահատանքը յայտնեց գարիթասի մարդասիրական գործունէութեան համար։
Սուրբ Պետրոսի դամբանին առջեւ եկած էք - ըսաւ Սրբազան Հայրը- ձեր հաւատքը վերանորոգելու եւ ձեր առաքելութեան նոր սլացք մը տալու։ Ձեզի յանձնուած է դաստիարակչական կարեւոր պարտականութիւն մը, վկայելու նաեւ Աւետարանի ողորմութիւնը։ Ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալը <<հաւատքը կը գործադրուի ողորմութեան միջոցաւ>>։Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է սատարելու որպէսզի սիրոյ արտայայտութիւնը՝ որուն միջոցաւ Աստուած մեզ կը սիրէ, իր ադիւնքը տայ ծառայութեան ուժին եւ պատասխանատութեան մէջ։
Մի զլանաք ձեր այս պարտականութիւնը կատարելու, նոյնիսկ երբ հանդիպիք խոչընդոտներու։ Անցեալ 4 տասնամեակներու ընթացքին, դուք կարողացաք հետաքննել, փորձել ու իրականացնել աշխատանքային մէթոտ մը, հիմնուած՝ ուշադրութիւնը գրաւող երեք փոխյարաբերական իրողութիւններու վրայ <<ունկնդրութիւն, զննում եւ զատորոշում>> ։

Ձեր հովուական ուղեւորութեան առաջին օրերէն ի վեր ձեցի յանձնուած էր առաջնակարգ պարտականութիւնը ձեր ներկայութիւնը ապահովելու Իտալիոյ ամբողջ տարածքին վրայ, պարտականութիւն մը որ այսօր եւս պէտք է հետապնդուի Թեմերու եւ ժողովրդապետութիւններու մէջ հաստատուած Գարիթասի գրասենեակներու միջոցաւ։
Իր խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ <<սիրելի բարեկամներ` օգնեցէք եկեղեցիին ցոյց տալու համար Քրիստոսի Սէրը։ Համայն աշխարհի հաղորդեցէք սիրոյ խօսքը որ կը փխի Աստուծմէ եւ բնտրեցէք ողորմութիւնը Սուրբ Հոգիի պարգեւած խարիզմերու մէջ։ Թող Աստուածամայրը ձեցի ըլլայ առաջնորդ ու ես ձեցի կ՛ընկերանամ աղօթքով ու ձեզի կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնս զայն արձակելով նաեւ բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպիք ձեր առօրեային մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.