2011-11-24 11:52:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս Եպիսկոպոսներու Միացեալ Պատուիրակութիւն Մը


Չորեքշաբթի 23 նոյեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը ունկնրդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եպիսկոպոսներու միացեալ պատուիրակութեան մը, որոնք անցեալ 18-22 հոկտեմբեր Յունաստանի Րօտի կղզիին մէջ մասնակցած էին եւրոպական Կաթողիկէ-Օրթոտոքս երկրորդ Համագումարին, որ ունէր որպէս նիւթ ՜՜Եկեղեցի եւ Պետութիւն յարաբերութիւններ՝՝։
Պատուիրակութեան անդամները` Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի նախագահ՝ Կարտինալ Բիդեր Էրտոյի գլխաւորութեամբ, Նորին Սրբութեան յանձնեցին վերոյիշեալ համագումարի աշխատանքներուն յատուկ թղթածրարը։
Կաթողիկէ-Օրթոտոքս առաջին Համագումարը տեղի ունեցած էր 2008 դեկտեմբերին՝ Իտալիոյ Թրէնթօ քաղաքին մէջ։
Պուտաբէշդի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Բիդէր Էրտօ, այս առթիւ յայտարարած է թէ Սրբազան Հօր հետ այս հանդիպումը նշան է այն փոխադարձ յարգանքին եւ կամքին գործելու միասնաբար ու վկայելու Քրիստոսի աւետարանը, եւ աշխարհականացումի ենթարկուած եւ իր իքնութիւնը փնտռող Եւրոպայի մը մէջ զարգացնելու արժէքները որոնք կը բխին քրիտոնէական ուսուցումէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.