2011-11-24 12:21:10

Թուրքիոյ Մէջ Եկեղեցի Կառուցելու Իրաւունք Պէտք Է Ունենան Քրիստոնեաները (Կ՝ըսէ Վոլքեր Քաուտեր)։


Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնէական ժողովրդավար կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի խօսնակ Վոլքեր Քաուտեր( Volker Kauder) կուսակցութեան խմբակի նիստին ընթացքին խստօրէն քննադատած է Թուրքիան եւ յատկապէս անոր վարչապետը։ Ան ըսած է, որ եթէ իսլամները Գերմանիոյ մէջ մզկիթ կրնան կառուցել, ուրեմն Թուրքիոյ քրիստոնեաները եւս պէտք կարենան եկեղեցի կառուցելու իրաւունք ունենալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Վոլքեր Քաուտեր քննադատած է նաեւ այն ճառախօսութիւնը, զոր Թուրքիոյ վարչապետը Էրտողան Գերմանիոյ մէջ ըրած էր՝ խօսքը ուղղելով թուրք գաղթականներուն։
Իր ելոյթին մէջ վարչապետը ըսած էր, որ Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրք երեխաներուն պէտք է թրքերէն սորվելու առիթներ ընծայուին: Իսկ Քաուտեր ըսած է,- «Անոնք, որոնք Թուրքիոյ մէջ յոռի վերաբերում ցոյց կու տան քրիստոնեաներու նկատմամբ, իրաւունք չունին Գերմանիոյ մէջ այսպիսի խօսքեր ընելու։ Թուրքիա նախ իր հարցերը թող լուծէ»։
Գերմանիոյ իշխող կուսակցութիւնը միշտ դէմ եղած է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին՝ անոր փոխարէն առաջարկելով, որ Թուրքիոյ տրուի մենաշնորհեալ գործընկերի իրաւունք մը, բան մը, որ Թուրքիոյ կողմէ ընդունելի չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.