2011-11-23 12:29:45

Փաքիստանի Մէջ Քրիստոսի Անունը Գրաքննութեան Ենթակայ Է։
Եկեղեցին Բողոք Կը Ներկայացնէ Այդ Կարգադրութեան Դէմ։


Փաքիստանի հաղորդակցութեանց միջոցներու պատասխանատու մարմինը արգիլած է Յիսուս Քրիստոսի անուան գործածութիւնը, որովհետեւ Յիսուսի անունը այլեւս կը գտնուի այն 1600 անուններու ցանկին մէջ, որ Փաքիստանի արդի հաղորդակցութեանց միջոցները չեն կրնար գործածել։ Բջիջային ընկերութիւններուն մէկ շաբաթ ժամանակ տրուած է ջնջելու բոլոր այն գրառումները որոնք կը ներփակեն Յիսուսի անունը։
Ի տես այս ապօրինի կարգադրութեան Փաքիստանի եկեղեցիներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնները ամէն ջանք կը թափեն արգելք հանդիսանալու այն որոշումին եւ պատրաստ են իրենց դատը ներկայացնել երկրին վերին ատեանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.