2011-11-23 12:32:48

Սլովաքիոյ Մէջ Ցեղասպանութիւնը Մերժողները Քրէական Պատիժ Պիտի Կրեն.


Եւրոպայի Հայկական միութիւններու ֆորումի (ԵՀՄՖ) մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ԵՀՄՖի եւ Սլովաքիոյ հայկական համայնքի նախագահ Աշոտ Գրիգորեան ընդունած է Սլովաքիոյ Գերագոյն Դատարանի նախագահ, փոխ-վարչապետ Շթեֆան Եարապինը, որ իր կարգին յայտնած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքին նախագիծը, զոր ան տարիներ առաջ ներկայացուցած էր Ազգային Խորհուրդ, արդէն հաստատուած է եւ օրէնքի ուժ ստացած:
Իբրեւ փոխ-վարչապետ եւ Արդարադատութեան Նախարար, երկու տարի առաջ Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Եարապին յայտարարած էր, որ ան պատրաստած է հրէական Ողջակիզումը մերժողներուն նկատմամբ քրէական պատիժի կիրառման օրէնք մը, որ պիտի ընդգրկէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պարագան:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը, որ վաւերացուած էր Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ 2004ին, հնարաւորութիւն կու տայ որ վերոյիշեալ օրէնքը կիրառուի նաեւ Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու եւ մերժողներու նկատմամբ:

Ըստ Եարապինի, եթէ ոեւէ անձ Սլովաքիոյ մէջ, օտար թէ տեղացի, կամ Սլովաքիոյ ոեւէ մէկ քաղաքացի՝ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ, հանդէս գայ Ցեղասպանութիւնը մերժող յայտարարութեամբ, ապա պիտի ենթարկուի մինչեւ հինգ տարուան ազատազրկման:
Այս աշխատանքին մէջ մեծ դեր ունեցած են Եւրոպայի հայ լոպիիստները եւ Շթեֆան Եարապին: Վերջինս, 2012ի Փետրուարին, ԵՀՄՖի նախագահ Աշոտ Գրիգորեանի հետ գործակցաբար, վերոնշեալ թեմային շուրջ պիտի կազմակերպէ գիտաժողով մը, որուն մասնակցելու համար արդէն հրաւէր ստացած են ՀՀ Վճռաբեկ դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեան եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.