2011-11-23 12:26:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 23 նոյեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 10.30 Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալներուն։
Ունկնդրութեան ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ անցեալ 18 - 20 նոյեմբեր Պենին կատարած առաքելական ճամբորդութեան։

Սիրելի եղբայրներ եւ քույրեր, ըսաւ Սրբազան հայրը, Պենին կատարած առաքելական ուղեւորութիւնս դրական տպաւորութիւններ թողուց իմ վրաս եւ այնտեղէն վերադարձայ սրտի լի գոհունակութեամբ եւ շնորհքի զգացումներով։
Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Պենինի Նախագահին` Պենինի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահին` եւ բոլոր պենինացիներուն` իրենց ջերմ ընդունելութեան համար եւ իրենց տարած ջանքերուն այս ճամբորդութեան յաջողութեան ի նպաստ։
Այս երեք օրերը եղան հաւատքի յուզիչ փորձառութեան եւ հանդիպումներու օրեր, Պենինի Աւետարանացումի 150րդ տարեդարձի եւ Ափրիկէի յետ սիւնհոդոսական <<Ափրիկէի Յանձնառում>> Առաքելական Յորդորագիրի ներկայացումի առիթներով։
Աստուծոյ օգնութեամբ` Ափրիկէն պիտի կարենայ յաղթահարել հաշտեցումի` արդարութեան եւ խաղաղութեան մարտահրաւէրները։ Ահա թէ ինչու հրաւիրեցի բոլոր Ափրիկեցիները ըլլալու յոյսի սերմանողներ իւրաքանչիւր մարդկային կամ եկեղեցական իրավիճակի մէջ եւ ուղղակիօրէն ստանձնելու իրենց ապագայի պատասխանատութիւնը։
Յանձնարարեցի եպիսկոպոսներուն` Քահանաներուն` Նորնծաներուն ապրելու իսկական եւ կենդանի հաւատք մը որ սնունդ առնէ Աստուծոյ Խօսքէն եւ իրականանայ առաքինի կեանքի վկայութեամբ։
Գոթունոյի մէջ տեղի ունեցած անմոռանալի Սուրբ Պատարագը ցոյց տուաւ որ Քրիստոսի հանդէպ Հաւատքը կարող է միացնել սերունդները եւ անոնց ակնկալիքներուն համապատասխանելու։
Ամբողջ մէկ ժողովուրդի մը ուրախութեան եւ խանդավառութեան միջոցաւ, նա մանաւանդ մանուկներուն` որոնք ապագան կը ներկայացնեն, կը յայտնուի կենաքի հանդէպ Այոյի
թարմութիւնը` եւ Աստուծոյ ու իրողութեան միչեւ կապի ըմբռնումը ։
Սիրելի բարեկամներ գնահատենք եւ զօրավիգ կանգնինք այս ցամաքամասի մէջ կեանքի եւ կենսունակութեան հարստութեան որուն վրայ մեծ յոյսեր դրած են եկեղեցին եւ մարդկութիւնը ։Ափրիկէ կանգնէ եւ կենսունակութեամբ ապրիր յոյսդ` թող Աստուած առջնորդ կագնիի ուղեւորութեանդ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն` հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։

Սիրելի երիտասարդներ ձեր կեանքի ուղեւորութիւնը համադրեցէք եկեղեցւոյ ուղեւորութեան հետ եւ պատրաստուեցէք ապրելու Յիսնակաց շրջանը որպէս ներքին սպասում Մեսիային` մեր Փրկչին, սիրելի հիւանդներ Աստուծմէ հայցեցէք յոյսի պարգեւը` անոր նուիրելով ձեր տարապանքները` եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ վստահեցէք Աստուածային Նախախնամութեան որ կ՛առաջնորդէ եւ կ՛ընկերանայ Քրիտոնեայ ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.