2011-11-23 12:34:41

Միացեալ Նահանգներ- Ցոյց Հայութեան Վերադարձնելու Համար Զէյթունի Աւետարանի Եօթը Էջերը։


Լոս Անճելըս Թայմզ-ի՝ տեղեկութեանց համաձայն 19 Նոյեմբերին, խումբ մը հայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց կատարած են «Կեթի» թանգարանին դէմ՝ պահանջելով հայութեան վերադարձնել Զէյթունի Աւետարանի եօթը էջերը։
«Ամօ՛թ Կեթիին» եւ «Մեր պատմութիւնը ծախու չէ» գրութիւններով պաստառներ բարձրացուցած ցուցարարները դատապարտած են 1256ին գրուած աւետարանին էջերը պահելու թանգարանին որոշումը:
Յիշեցնենք, թէ քանի մը շաբաթ առաջ Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանը մերժած էր ընթացք տալ «Կեթի» թանգարանի այն դիմումին, որուն նպատակն էր կասեցնել Զէյթունի Աւետարանի էջերը իրենց իրաւատիրոջ վերադարձնելու դատը:
Դատաւորը առիթ տուաւ կողմերուն, որ յառաջիկայ ամիսներուն բանակցութիւնները շարունակեն Թորոս Ռոսլինի կողմէ գեղանկարուած այս էջերուն ճակատագիրին շուրջ: Համաձայնութիւն չգոյանալու պարագային, կողմերը դատարան հրաւիրուած են յառաջիկայ տարուան Մարտ 2ին: Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին կողմէ «Կեթի»ի դէմ դատը բացուած է հայկական մանրանկարչութեան լաւագոյն նմոյշներէն նկատուող էջերուն վերատիրանալու համար, որպէսզի անոնք վերադարձուին Երեւանի Մատենադարանը, ուր կը գտնուի Աւետարանը:
Խնդրոյ առարկայ էջերը Մեծ Եղեռնի օրերուն՝ 1916ին, գողցուած էին եւ 1994ին թանգարանին ծախուած էին 950,000 տոլարով:








All the contents on this site are copyrighted ©.