2011-11-22 13:24:57

Փաքիստանի Միջկրօնական Ներդաշնակութեան Ու Փոքրամասնութեանց Նախարարին Այցը Հռոմ։


Փաքիստանի քրիստոնեաներու յոյսն ու ակնկալութիւնները։
ֆիտես լրատու գործակալութեան համաձայն Փաքիստանի միջկրօնական ներդաշնակութեան ու փոքրամասնութեանց նախարարը՝ կաթողիկէ Աքտամ Ժիլ անցեալ շաբաթ, չորեքշաբթի օրուայ հերթական ունկնդրութեան աւարտին, հանդիպում ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ եւ անոր խօսեցաւ Փաքիստանի քրիստոնեաներու յոյսին եւ ակնկալութիւններուն մասին, եւ Նորին Սրբութենէն խնդրեց որ աղօթէ անոնց համար։
Յայտնենք որ նախարար Աքտամ Ժիլ, կը գտնուի Իտալիա եւ Վատիկան, ունենալու շարք մը հանդիպումներ, մասնաւորապէս Լատերանեան քահանայապետական Համալսարանի ռեկդորին հետ, համագործակցութիւն հաստատելու համար կրօններու երկխօսութեան ուսուցումի նիւթին մասին։ ֆայսալապատ քաղաքին մէջ նոր եկեղեցի մը պիտի կառուցուի Հռոմի թեմի հաւատացեալներու ծախսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.