2011-11-22 14:25:15

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում, Լիբանան։


Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ թաղական խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին ու քահանայ հայրերու, նշուեցաւ սոյն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Նախօրէին՝ (Շաբաթ օրը յետմիջօրէին) տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւնը` մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը:
Իսկ Կիրակի օրը, 20 նոյեմբերին առաւօտեան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ տեղի ունեցած ժողովրդային ընդունելութենէն եւ դիմաւորումէն ետք սկիզբ առաւ Ս. Պատարագը զոր մատոյց , Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ արք. Խաչերեան որմէ ետք ալ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` եկեղեցւոյ բարերարներուն, քահանայ հայրերուն եւ ծառայողներուն յիշատակին:
Առաջնորդը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ աղօթելու գաղափարին վրայ, նաեւ ուխտի հասկացողութեան վրայ. անոր մէջ կայ մեր ստացածին դիմաց մեր պարտականութիւնը կատարելe՝՝ հաստատեց սրբազանը:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Խօսք առնելով թաղականութեան ատենապետը Յակոբ Տօնիկեան, յայտնեց, որ օրուան մատաղը եւ սիրոյ սեղանը կը նուիրեն սրբազանի քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակին` աւելցնելով, որ սրբազանը իր հոգեւոր ծառայութիւնը սկսած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Խօսք առին նաեւ Ազգային Աբգարեան վարժարանի աշակերտներ որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազանին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի վարժարանի վերելքին, յանձնելով անոր 80-ամեակի առթիւ յուշանուէրը:
Հուսկ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլորին, նաեւ գնահատեց այս տօնակատարութիւնը պատրաստողները որոնք կամաւոր կերպով կը գործեն, առանց գնահատանք սպասելու՝ անոնք կը ծառայեն սուրբ նպատակի համար ՝՝ այսպէս եզրափակեց Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.