2011-11-22 13:23:28

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը.՜՜Ափրիկէի Յանձնառումը՝՝։


Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ Ափրիկէի մասին որպէս ՜՜հոգեւոր կենսունակ սիրտ մը հաւատքի եւ յոյսի տագնապներու մէջ ապրող մարդկութեան համար՝՝։ Ցամաքամաս մը՝ որ ոչ միայն բնական հասրտութիւններ ունի - ինչպէս քաջատեղեակ են բոլոր անոնք որոնք զայն կը շահագործեն - այլ նաեւ ունի հոգեւոր, մարդկային եւ կեանքի սիրոյ մշակոյթի ու ստեղծագործ հարստութիւն։ Աւետարանի ունկնդրութիւնը ու ՜՜Ափրիկէի յանձնառումը Քրիստոսին՝՝ - այս է Սիւնհոդոսական Առաքելական յորդորագիրի խորագիրը, որ Պենետիկտոս ԺԶ Պենինի մէջ յանձնեց ափրիկեցի եպիսկոպոսներուն, եւ որ պիտի կարենայ ցամաքամասի ժողովուրդներուն օգնել դիմագրաւելու՝ իրենց ներկայ դժուարութիւնները, դարձնելով՝ զանոնք նոր հազարմեայի գլխաւոր դերակատարներ։
Սրբազան Քահանայապետի ճառերն ու յորդորագիրը միացնող կապը՝ Յոյսն է, եւ այս է հիմնական բառը որ առաքելական ճամբորդութեան զանազան հանգրուաններուն ընթացքին կը յայտնուի ու կ՛առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։ Սրբազան Հայրը յորդորեց ղեկավարները ըսելով <<ձեր ժողովուրդները մի զրկէք յոյսի ձգտումէն>> ու յանձնարարեց դիմելու իմաստուն եւ պատասխանատու կառավարութեան։
Կաթողիկէ եկեղեցին ամէն օր կը մասնակցի ժողովուրդի կեանքին, ան հոգատարութեամբ կը զբաղի անոր առողջապահութեան, դաստիարակութեան եւ անոր մարհկային ու մշակութային աճումի համար, զայն քաջալերելով սատարելու երկրի քաղաքական եւ ընկերային կեանքի բարելաւման։
՜՜Յոյսը՝՝ որուն կ՛ակնարկէ եկեղեցին կ՛ոգեւորէ երկրային յանձնառումը ու զայն կ՛ազնուացնէ, բանալով անոր առջեւ յաւիտենական հոգեւորութեան հորիզոնը։
Ո՞վ այսօր այնքան կը սիրէ Ափրիկէն որ զայն որակէ Յոյսի Ցամաքամաս։
Կաթողիկէ եկեղեցին որ ոգեւորուած է Սուրբ Հոգիով եւ ինքզինք կը նկատէ որպէս ամբողջովին ափրիկեցի, ան է որ ունի սիրոյ եւ քաջութեան այս պարգեւը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.