2011-11-22 13:25:17

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւն Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու բաժինին, Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբերին, վարժարանի շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, նուիրուած Լիբանանի անկախութեան տօնին։ Լիբանանի պետական քայլերգը մեկնարկեց Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը։ Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց 12-րդ դասարանի աշակերտուհի՝ Ռիթա Պօղոսեան, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան պատգամախօսը՝ վարժարանի ուսուցչապետ՝ Ապտըլ Մասսիհ Ապու Իլիաս, փոխանցելու համար օրուան խորհուրդը։
՜՜Որպէս լիբանանցիներ, ըսաւ ան, մենք մարտիրոսութեան ճամբան անցանք, պահելու եւ պահպանելու համար մարդկային արժէքներէն բարձրագոյնը հանդիսացող՝ անկախութիւնը։
Մենք գիտենք, որ հայ ժողովուրդը նոյնպէս իր պատմութեան ընթացքին տառապած է, ունեցած է բազում նահատակներ, որպէսզի պահէ իր հաւատքը, պատմութիւնը եւ անկախութիւնը։ Անկախութիւնը մեր ամենօրեայ ապրումն է, արժանավայել կեանք մը ապրելու համար, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը գտնէ իր տեղը։
Ապա նախակրթարանի առաջին, երկրորդ, չորրորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտութիւնը խմբային ասմունքներ կատարեցին, 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Սինթիա Արապկիրլեան երգեց ընկերակցութեամբ՝ վարժարանի երգչախումբին որով վերջ գտաւ Մեսրոպեան վարժարանին հանդիսութիւնը նուիրուած՝ Լիբանանի անկախութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.