2011-11-22 13:25:07

Եգիպտոսի Կառավարութիւնը Հրաժարականը Տուած։ 40 Մեռեալներ Գահիրէի Թահրիր Հրապարակին Վրայ։


Եգիպտոսի կառավարութիւնը՝ Իսամ Շարաֆի ղեկավարութեամբ՝ հրաժարական տուած է։ Միջազգային “Ալ Ճազիրա” հեռուստակայանը կը հաղորդէ, որ Բարձրագոյն Ռազմական Խորհուրդը արդէն ընդունած է հրաժարականը: Սակայն Գահիրէի Լրատու Գործակալութեան տնօրէնը ուղիղ եթերով խոստովանած է, որ ոչ մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն այս հարցին շուրջ չէ եղած:Հաւանականութիւն կայ որ կազմուի Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւն մը։
Կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը Մուհամետ Հեկազի նշած է, որ նախարարներու խորհուրդը կը գիտակցի իր քաղաքական պատասխանատուութեան այս օրերուն երկրին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն հետ կապուած, եւ իր խորին ափսոսանքը կը յայտնէ այս տխուր իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
Նշենք որ Երկուշաբթի (21 Նոյեմբեր) Գահիրէի Թահրիր Հրապարակին վրայ ոստիկանութեան ու ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցած արիւնալի բախումներու հետեւանք զոհուած են առ նուազն 40 հոգի եւ վիրաւորուած՝ շուրջ 2000անձեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.