2011-11-21 14:16:31

Վիէթնամի Եկեղեցւոյ Ապագան Խոստմանլից Է։
Ներկայիս այս եկեղեցւոյ դպրեվանքերուն մէջ արձանագրուած են 1500 ժառանգաւորներ իսկ կրօնուսոյցներու թիւը կը գերազանցէ 80 հազարը։


Ժառանգաւորներու թիւին աճը մեծ յոյս կը ներշնչէ եկեղեցւոյ։
Նոր սերունդին հաւատքը Յիսուսի անձին մէջ լիայոյս կը դարձնէ Վիէթնամի եկեղեցին, յատարարած է հայր Ժոզէֆ Տօ Մահն Հունկ` պատասխանատուն՝ քահանայական կոչումներուն։ Երիտասարդները հրապուրուած տնտեսութենէն, սպառապաշտութենէն, պատկերի քաղաքակրթութենէն, ներկայիս կը փնտռեն նոր պատասխաններ յագուրդ տալու ճշմարտութեան ծարաւին։
Վիէթնամի կաթողիկէ եկեղեցին ներկայիս կը հաշուէ 7 միլիոն հաւատացեալ, 87 միլիոն բնակչութեան վրայ։ Ունի 26 թեմեր եւ եօթը աւագ նորընծայարաններ։ Սակայն աւետարանացումը տակաւին կը մնայ սահմանափակ։ Վիէթնամի եկեղեցւոյ մէջ աշխարհականները, որ մեծամասնութեամբ երիտասարդ են, մեծապէս կը նպաստեն Աւետարանի քարոզութեան։ Յայտնենք որ ներկայ կառավարութիւնը բաց է եկեղեցւոյ, որ անցեալին` համայնավարութեան մութ տարիներուն, մեծ հալածանք կրած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.