2011-11-21 14:13:35

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պենինէն Հրաժեշտ Առնելով Վերադարձաւ Վատիկան


Կիրակի 20 նոյեմբերի յետ միջօրէին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը բաւական հոգնած բայց ժպիտը դէմքին հրաժեշտ առաւ Պենինէն ուր ժամանած էր անցեալ 18 նոյեմբերին եռօրեայ առաքելական այցեալութեամբ, որուն ընթացքին Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն յանձնեց Աերիկէի եկեղեցւոյ յետ սիւնհոդոսական ՜՜Առաքեալական Յորդորագիրը՝՝։
Երեք օրերու ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը արժանացաւՊենինի Կառավարութեան եւ ժողովուրդի ջերմ եւ խանդավառ հիւրնկալութեան։Ջերմ հիւրնկալութիւն մը, որուն Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկէն անդրադառնալ հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ։
Նշենք որ՝ Կիրակի օրը առաւօտեան. Նորին Սրբութիւնը ՜՜Բարեկամութիւն՝՝ անուան մարզադաշտին մէջ, գլխաւորած էր Սուրբ Պատարագ մը, որուն աւարտին հանդիսաւոր արարողութեամբ՝ Ափրիկէի Եպիսկոպոսներուն յանձնած էր Առաքելական Յորդորագիրը։ Հուսկ նոյն վայրէն արտասանած էր Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին տեղի ունեցած էր նաեւ՝ Բորթօ Նովոյի Աղքատներու Փոքր Քոյրերու միաբանութեան տան հիմնաքարին օրհնութիւնը։
Գոթոնուի՝ Կարտինալ Պերնարտին Կանթէնի անուան օդակայանը տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Պենինի նախագահին ու ժողովուրդին ջերմ եւ եղբայրական ընդունելութեան համար եւ ակնարկեց Ափրիկէի եւ Պենինի՝ որպէս Յոյսի Հողամաս` որ ունի <<Իսկական Արժէքներ>> ու այս ուղղութեամբ Ափրիկէի Եկեղեցւոյ յետ Սիւնհոդոսական Առաքելական Յորդորագիրը, կրնայ մեծապէս օժանդակել հովուական նորանոր հեռանկարներով։
Սրբազան Քահանայապետը ապա դարձեալ նշեց Կարտինալ Կանթէնը ու Ափրիկէի համար անոր տարած նպաստաւոր աշխատանքը։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ տիրող ներդաշնակ համակեցութեան որ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - օգտակար է երկխսութեան հաստատումին ու միութեան կերտումին, ըլլայ անհատներու միջեւ, եւ ըլլայ զանազան ցեղերու եւ ժողովուրդներու միջեւ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա աւելցուց որ Բարի կամքը եւ Իրարու հանդէպ յարգանքը հիմնական իրողութիւններ են, ձգտելու ոչ միայն երկխօսութեան հաստատման, այլ նաեւ միութեան։ Միւս կողմէն <<եղբայրութիւն>> բառը ձեր ազգային նշանաբանին երեք բարերէն մին է։ Եղբայրութեամբ միասին ապրիլը` տարբերութիւններուն հանդերձ երազանք մը չէ։ Ինչու Ափրիկէն չի կարենայ ցոյց տալ համայն աշխարհին, արդարութեան ճանապարհով իսկական եղբայրութեան, հիմնուած՝ ընտանիքի մեծութեան եւ աշխատանքի վրայ։ Թող Ափրիկեցիները կարենան ապրիլ հաշտութեամբ` խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ։ Այս է ահա բաղձանքը որ կը յայտնեմ Պենինէն հրաժեշտ առնելէս առաջ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց- կ՝ուզեմ նաեւ քաջալերել համայան ափրիկեան ցամաքամասը ըլլալու՝ երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը։ Ու Ափրիկէի Տիրամօր բարեխօսութիւնը հացելով ըսաւ <<Աստուած ձեզ օրհնէ բոլորդ>> ու ֆոն լեզուով աւելցուց <<Աստուած Օրհնէ Պենինը>>։
Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Ջամբինօ օդակայանը ժամանեց երեկոյեան ժամը10ին` 5.30 ժամ ճամբորդութենէ մը ետք։ Այսպէս վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին Ափրիկէ կատարած երկրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը ու իր քահանայապետութեան 22-րդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.