2011-11-21 14:14:04

Հոգեւոր Երաժշտութեան Միջազգային 11-երորդ Մրցոյթը որ Տեղի Ունեցաւ Հռոմի մէջ 15 Նոյեմբերէն մինչեւ 19 Նոյեմբեր։ Մրցումի Յաղթականը՝ Սոբրանօ Յասմիկ Թորոսեան՝ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ եւ Պարիթոն Նա Կունեոնկ՝ Գորէա-էն ։


Հոգեւոր Երաժշտութեան միակ Մրցոյթը սահմանուած ՝՝Երիտասարդ Երգիչներու՝՝ որ տեղի ունեցաւ Հռոմ 15 Նոյեմբերէն մինչեւ 19 Նոյեմբեր,աջակցութեամբը մայրաքաղաք Հռոմի Մարզին , եւ Հովանաւորութեամբը Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդին,ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի Եկեղեցական Եղբայրակցութիւններու Դաշնակցութեան։ Մրցումին կրնային մասնակցիլ անոնք որոնք ծնած են 1 Յունուար 1975էն ասդին,բոլոր ազգութիւններու պատկանող՝ Դասական Երգիչ ու Երգչուհիներ։ Յատկապէս որակաւոր Քննիչ Դատակազմը բաղկացած էր 9 հոգիէ, ընդ որս Գերապայծառ Մարքօ ֆրիզինա Հոգեւոր Երաժշտութեան յայտնի Երգահանը,միաժամանակ Լատերանեան Տաճարի Խբավարը,ու Մրցոյթի հիմնարկուն եւ միաժամանակ Մրցումի Գեղարուեստական Ղեկավարը Տանիէլա Տէ Մարքօ։ Մենք սրտանց կը շնորհաւորենք Միջազգային այս մրցումին առաջին հանդիսացող մեր հայրանկիցը Սոբրանօ Յասմիկ Թորոսեանը որ մեկնաբանած է Կոմիտասի՝Մարիամ Մագթաղենացին ։
Այս Երգահանդէսի ՝՝Կալան՝՝ պիտի Պատկերասփռուի TELEPACE ARMENIA /Խաղաղութեան Ձայն Հեռուստակայանէն շաբաթ 26 Նոյեմբերին,Իտալիոյ ժամով՝երեկոյան ժամը 20.30ին։
Իսկ Մրցումի եզրափակիչ հանգրուանի մէկ համադրութիւնը պիտի ձայնասփռուի Վատիկանի Ռատիոկայանէն (Radio Vaticana) Երեքշաբթի 29 Նոյեմբերին,Իտալիոյ ժամով՝ժամը 19.50ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.