Հեռախօսամարաթոն 2011-ի Իբրեւ Արդիւնք՝ Աւելի Քան 1 Միլիոն 300 Հազար Էուրոյի Նուիրատւութիւն:
Նոյեմբեր 17-20 Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամի 12րդ դրամահաւաք
հեռախօսա-մարաթոնը, որուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուեցաւ աւելի քան 1 միլիոն 300 հազար
Էուրոյի խոստում: Ֆրանսայի հինգ քաղաքներէն` Փարիզ, Լիոն, Մարսէյ Նիս եւ Դուլուզ,
ձեռնարկին միացած շուրջ 700 կամաւորները՝ 12 ժամ շարունակ զանգահարեցին ընդհանուր առմամբ
60.000 հայ ընտանիքի ու կազմակերպութեան` առաջարկելով իրենց նուիրատւութիւններով մասնակցիլ
Հայաստանի ու Արցախի վերականգնման ուղղուած սոյն կարեւոր նախաձեռնութեան: Հիմնադրամի
Ֆրանսայի տեղական մարմինը՝ տեղւոյն հայ համայնքի հանգանակած 1 միլիոն 173 հազար Էուրօ
գումարով՝ Արցախի ու Հայաստանի Տաւուշի մարզի մօտ տասը գիւղերու մէջ պիտի իրականացնէ
ջրա-մատակարարման ծրագրեր: Իսկ Զուիցերիոյ տեղական մարմինը զուիցերիահայերու կողմէ հանգանակուած
24.150 Էուրօն պիտի օգտագործէ՝ նորոգելու Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցը
եւ համա-լրելու դպրոցի գրադարանը: Գալով Գերմանիոյ,Գերմանիոյ տեղական մարմինը գերմանահայերու
81.360 Էուրոյի նուիրատւութիւններով պիտի նորոգէ Գիւմրիի Մանկատունը: Համա-եւրոպական
հեռա-խօսա-մարաթոնին Յունաստանի Յունահայ Համայնքը եւս բերաւ իր նպաստը : Հակառակ Յունաստանի
մէջ տիրող տնտեսական ու քաղաքական բարդ իրավիճակին`Յունահայ փոքրաթիւ համայնքը շուրջ
35.000 Էուրօ հանգանակեց, որ պիտի ուղղուի Վանաձորի Մանկատան կարիքներուն: Յիշեցնենք,
որ Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը հեռախօսամարաթոն կը կազմակերպէ 2000էն ի վեր: