2011-11-21 14:13:53

Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճանի Տուչութեան Արարողութիւն Փարիզի Եւ Արնուիլի Կաթողիկէ Հայոց Ժողովրդապետին։


Շաբաթ 19 Նոյեմբերի երեկոյեան, Արնուիլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց ժողովրդապետը գեր. Հ Գէորգ վրդ Ասատուրեան, եւ որուն ընթացքին նշուեցաւ անոր քահանայութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Արարողութեանց նախագահեց Փարիզի առաջնորդը՝ արհի. Գրիգոր եպ Կապրոյեան, երկայ էր Առնուիլի քաղաքապետը, նաեւ՝ հայ կաթողիկէ քահանաները եւ հաւատացեալները. ու այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ... Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը առիթ տալով բոլորին շնորհաւորելու՝ իրենց ժողովրդապետը յոբելեար վարդապետը եւ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր, իր մատուցած ծառայութեան համար ։
Իսկ Կիրակի 20 Նոյեմբերին Փարիզի Ս Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Գերապատիւ Հ. Գէորգ վրդ. Ասատուրեանի քահանայ ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանի առթիւ, հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց արհի. առաջնորդը՝ Գրիգոր եպ. Կապրոյեան, եւ այս առթիւ ծայրագոյն վարդապետի աստիճան շնորհեց յոբելեար վրդ.ին, յանձնելով անոր լանջախաչն ու մատանին, առ ի գնահատանք անոր 25 տարիներու եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն մատուցած ծառայութեան համար։
Այս առթիւ Արհիապատիւ առաջնորդը Գրիգոր եպ. Կապրոյեան իր քարոզին մէջ, խօսեցաւ ՜՜քահանայի՝՝ կոչումին մասին։
Քահանան ՝մի ոմն Քրիստոս, ու Անոր նման, եղած է ծառայելու իրեն յանձնուած ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ, ան պէտք է ըլլայ հայր ու քաջ հովիւ իր հօտին, ինչպէս է գերյարգելի Գէորգ Ծ Վրդ. Ասատուրեանը, որ նուիրումով գործեց Լիբանանի մէջ յատկապէս երկրին դժուար պայմաններուն, եւ կը շարունակէ իր անսակարկ նուիրումը Փարիզի ու Արանուվիլի հաւատացեալներուն ի սպաս։
Պատարագի աւարտին, խօսք առաւ յոբելեարը՝ գերյարգելի Հայր Գէորգ , որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ 25 տարիներ առաջ զինք կանչեց քահանայութեան, եւ բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնեցան այս 25 տարիներու ընթացքին իր առաքելութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդին՝ Արհի. Գր. եպ. Կապրոյեանին որ իրեն շնորհեց Ծ. վրդ.ի աստիճանը, Գերապայծառ Կապրոյեան (ըսաւ Հայր Գէորգ) եղաւ իր Ա. տեսուչը, երբ ես վանք մտայ, օգնեց ինծի որ հաստատ մնամ կոչումիս մէջ , մինչեւ հասնին քահանայութեան... շնորհակալութիւն նաեւ՝ որ հոգաց ու մինչեւ այսօր կը հոգայ իմ առողջութեանս համար ալ...
Հայր Գէորգ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ս. Խաչ Հաստատութեան, երգչախումբին, ժողովրդապետութեան մէջ գործող կամաւորներուն ու կրօնուսոյցներուն, յայտնելով որ այս յոբելեանը չըլլայ միայն իմ քահանայութեանս յոբելեանը (ըսաւ Հայր Գէորգ) այլ բոլորիս համար ըլլայ խթան մը եկեղեցւոյ ի սպաս , քանի որ եկեղեցւոյ ծառայելու այս հոգիով մենք զԱստուած կը փառաբանենք ։
Պատարագէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան ճոխ քոքթէյլի մը։
Ռատիովատիկանի Հայերէն հաղորդումներու անձնկազմը կը շնորհաւորէ ու բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ Վրդ. Ասատուրեանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.