2011-11-20 07:52:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Մանուկներու Հետ։


Շաբաթ 19 նոյեմբեր 2011-ի յետ միջօրէին, ժամը 16.30-ին, Պենինի առաքելական Ճամբորդութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց <<խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն>> անուան Մայր Թերեզայի կրօնաւորուհիներու կեդրոնը, ուր ապաստան գտած են հիւանդ, որբ եւ անտէր մանուկներ։ Սրբազան Հայրը Հուսկ ուղղուեցաւ կեդրոնի քովնտի՝ Սրբուհի Ռիթայի նուիրուած ժողովրդապետութեան եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած հարիւրաւոր մանուկներուն հետ։ Յատկանշական հանդիպում է Սրբազան Քահանայապետին այս հանդիպումը` քանի որ մանուկները կը ներկայացնեն Ափրիկէի ապագան։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ մանուկներու երգեցողութեամբ ու ապա տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը։ Գերապայծառ Րէնէ Մարի Էհուզույի խօսքէն ետք զոյգ մը մանուկներ իրենց կարգին ողջունեցին սրբազան հայրը, Նորին Սրբութեան հայրական խօսքէն ետք արտսանուեցաւ հայր մեր աղօթքը` տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում ու ապա առաքելական օրհնութիւն։
Սրբազան Հայրը, մանուկներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, յանձնարարեց անոնց յաճախ հանդիպումներ ունենալու Յիսուսի հետ ու իբր օրինակ նշեց իր ստացած՝ Առաջին Հաղորդութիւնը, մատնանշելով որ ամէն անգամ որ հաղորդուի, այսինքն՝ Յիսուսի Սուրբ Մարմինը ճաշակէ, Յիսուսն է որ կու գայ իր սրտին մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա Յիսուսի նուիրուած աղօթք մը մէջբերեց ու յորդորեց մանուկներուն չվարանիլ ուրիշներու խօսելու Յիսուսի մասին, օրինակ տալով երիտասարդ Սուրբ Գիզիթոն որ իր արեան գնով վկայած էր իր հաւատքը։
Սրբազան Քհանայապետը հուսկ խորհրդածութիւն մը կատարեց աղօթքի կարեւորութեան մասին, ու Տիրամօր յանձնելով Ափրիկէի մանուկները, իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. ՜՜Այս 150 տարիներու ընթացքին, Տէրը մեծ ծրագիրներ իրագործեց Պենինի մէջ, վստահ եղէք որ Ան պիտի շարունակէ ձեզի ընկերանալ ամէն օր, աւետարանացումի ձեր յանձնառումի մէջ։

Երեկոյեան Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Պենինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հետ, ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ իր խօսքը կեդրոնացուց Պենինի աւետարանցաման 150րդ տարեդարձին վրայ , ու 2012-ի՝ հաւատոյ տարուայ նիւթերու շուրջ։ Սրբազան Հայրը յանձնարարեց Եպիսկոպոսները ապրելու միութեան հոգիով եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ հաղորդութեան մէջ։ Ան անդրադարձաւ եպիսկոպոսի դերին, որպէս <<հայր>> եւ <<Հովիւ>> մասնաւորապէս անոնց ուշադրութեան յանձնելով կոչումներու հոգատարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.