2011-11-19 12:55:54

Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին Ճառը Ափրիկէի Եկեղեցւոյ ՜՜Առաքելական Յորդորագիրի՝՝ Ստորագրութեան Արարողութեան Ընթացքին։


Ափրիկէ Պենտեկոստէի Նոր վայր, վստահութիւն դիր Աստուծոյ վրայ։
Այսպէս արտայայտուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ուիտայի Պազիլիքային մէջ, ուր ստորագրեց Ափրիկէի եկեղեցւոյ ուղղուած առաքելական Յորդորագիրը, որ վաղը (Կիրակի օրը) Գոթոնուի մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Պատարագին աւարտին, պիտի յանձնուի Ափրիկէի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն։
Երեք լեզուներով արտսանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց Ափրիկէն ըլլալու՝ (աւելիով ) Քրիստոսի վկայ եւ պայքարելու ստրկութեան բոլոր երեւոյթներուն դէմ։
Այս յորդորագիրի ստորագրութեամբ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - վերջ կը գտնէ Ափրիկէի նուիրուած յատուկ սիւնհոդոսը որ Ափրիկէի կաթողիկէ եկեղեցւոյ տուաւ նոր մղում մը, որուն ընթացքին եկեղեցին խորհրդածեց հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան մասին։
Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց եկեղեցին ինքզինքը վերագտնելու որպէս ընտանիք, մէջբերելով երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի՝ Ափրիկէի առաջին սիւնհոդոսի յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը <<եկեղեցին ափրիկէի մէջ>> ուր շեշտը կը դրուի <<Եկեղեցին որպէս Աստուծոյ ընտանիք>> գաղափարին վրայ։ Եկեղեցին պատրաստակամ է համագործակցելու ընկերութեան զանազան տարրերու հետ նա մանաւանդ եկեղեցական ներկայացուցիչներու հետ ինչպէս նաեւ ոչ քրիստոնեայ կրօններու հետ, ու մանաւանդ հոգեպաշտ եւ մահմետական կրօններու հետ։
Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով՝ տագնապներուն, բռնութիւններուն, պատերազմին, անարդարութիւններուն եւ զեղծումներուն որոնք տեղի ունեցան Ափրկէի մէջ վերջին տարուայ ընթացքին, մատնանշեց հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան գաղափարականներու կարեւորութիւնը որոնց վրայ կեդրոնացած էր Ափրիկէի երկրորդ յատուկ սիւնհոդոսը։
Եկեղեցի մը՝ որ ներքին հաշտութեամբ կ՛ապրի - ըսաւ Սրբազան հայրը - կրնայ մարգարէական նշան մը հանդիսանալ, ամէն երկրի եւ ցամաքամասի մէջ հաշտութեան հաստատումին, ընկերութեան կեանքէն ներս։Երբեք պէտք չէ որ դադրեցնենք խաղաղութեան ճանապարհներու փնտռտուքը, որովհետեւ խաղաղութիւնը թանկագին բարիքներէն մին է, ու անոր ձգտելու համար հարկ քաջութեամբ դիմել հաշտութեան, որ հետեւանքն է ներումին. եւ աւելի բարելաւ ապագայի ձգտումով՝ կամք ունենալ հասարակաց նոր կեանք մը սկսելու, միասնաբար յաղթահարելով դժուարութիւններն ու խոչընդոտները։ Աստուծոյ ու մերձաւորի հետ հաշտուած եւ խաղաղութեամբ ապրելով ,մարդիկը պիտի կարենան գործել աւելի արդար ընկերութեան մը ի նպաստ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը բորդուկերէն լեզուով խորհրդածութիւններ կատարեց ու եզրափակեց իր խօսքը կոչ ուղղելով՝ Ափրիկէին, ՜՜ըլլալու՝ արդարութեան պատգամաբեր՝՝։Ափրիկէ եկեղեցւոյ աւետիսը՝ դարձիր. նաեւ՝ աւետիսը համայն աշխարհի, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.