2011-11-19 12:53:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պենինի Մէջ, Երկրորդ Օր։


Սրբազան Քահանայապետին, Պենին Առաքելական Ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ ժամը 7.30-ին, Առաքելական Դեսպանատան Մատրան մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագով, որմէ ետք Սրբազան հայրը 8.45ին կ՛ուղղուի Նախագահական Պալատ։
Պենինի նախագահական Պալատը կառուցուած է 1960-ին, երբ Պենինը իր անկախութիւնը հռչակեց անջատուելով ֆրանսայէն։
Պալատի մուտքին Սրբազան Հայրը դիմաւորեց Պենինի Նախագահը Թոմաս Եայի Պոնին, որ ծնած է 1952-ին, երկրի նախագահ ընտրուած՝ 2006ին, ու վերընտրուած 2011-ի ապրիլին։
Նախագահական Պալատին մէջ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ կառավարական, դիւանագիտական եւ քաղաքացիական ներկայացուցիչներուն հետ որոնց ուղղեց նաեւ Ճառ մը։
Ժամը 9.50-ին, Պենետիկտոս ԺԶ բրոդոգոլային առանձնական հանդիպում ունեցաւ Նախագահ Թոմաս Եայի Պոնինի հետ որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ նուէրներու փոխանակում եւ նախագահական ընտանիքի ներկայացում։
Նշենք որ նոյն պահուն Նախագահական Պալատի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ այլ հանդիպում մը՝ Պենինի արտգործ նախարարի եւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարի միջեւ։
Նախգահական պալատի այցելութենէն ետք, նորին սրբութիւն կը տեղափոխուի Ուիտա որ Գոթոնուէն 43 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Սրբազան Հայրը Ուիտայի Սան Կալ Նորընծայարանը ժամանեց 11.15ին։ Նորընծայարանը կառուցուած է 1914ին եւ 1923էն ի վեր, դարձած է Ափրիկեան ցամաքամասի հոգեւորականութեան կարեւոր կեդրոն՝ ուր զանազան թեմերէն երիտասարդներ կը ժամանեն իրենց քահանայական կազմաւորումը ստանալու համար։ Նորնըծայարանին մէջ, այսօր կ՛ուսանին 147 նորընծաներ։
Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորէ Նորնծայարանի Րէկտորը, ու միասին մուտք կը գործեն Մատուռ եւ ուր կը հանգչին Կարտինալ Պերնարտին Կանէթնի աճիւնները որոնց առջեւ Սրբազան Հայրը յարգանքի տուրք կը մատոյց։
Կարտինալ Կանթէնի դամբանի առջեւ յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք Պենետիկտոս ԺԶ. Սան Կալ նորնծայարանի մէջ հանդիպում ունեցաւ նորընծաներուն, կղերական դասին ու հաւատացեալներուն հետ, որուն աւարտին ուղղուեցաւ Ուիտայի Անարատ Յղացեալի նուիրուած Պազիլիքան, ուր հանդիսաւոր արարողութեամբ՝ ստորագրեց Առաքեալական Յորդորագիրը, ներկայութեամբ Պենինի եպիսկոպոսական Դասի անդամներուն եւ հիւր եկեղեցական բաձրաստիճան ներկայացուցիչներուն։
Ափրիկէի Սիւնհոդոսին Ընդհանուր Քարտուղարին Սրբազան Հօր ուղղած խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց ու ապա իր ստորագրեց Առաքեալական Յորդորագիրը, ու հրաժեշտ առնելով ներկաներէն, բոլորին տուաւ իր Առաքեալական Օրհնութիւնը։
Ուիտայի Պազիլիքայէն մեկնելով Սրբազան Քահանայպետը ուղղուեցաւ Առաքելական դեսպանատուն, ուր եղբայրական ագապ մը սարքուած էր իրեն պատւոյն։
Յետ միջօրէին ժամը 16.30-ին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Պենինի առաքեալական Ճամբորդութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ, ու ապա մեկնեցաւ <<խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն>> անուան Մայր Թերեզայի քոյրերու կեդրոնը, ուր ապստան գտած են հիւանդ, որբ եւ անտէր մանուկներ։
Սրբազան Հայրը հակիրճ այցելութիւն մը կատարեց Կեդրոն ու ապա ուղղուեցաւ կեդրոնի քովնտի՝ Սրբուհի Ռիթայի նուիրուած ժողովրդապետութեան եկեղեցին ուր հանդիպում ունեցաւ Մանուկներու հետ։
Յատկանշական հանդիպում է Սրբազան Քահանայապետին այս հանդիպումը որ ընդհանրապէս իր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին կը հանդիպի երիտասարդներուն, սակայն այս պարագային Նորին Սրբութիւնը նախնտրեց մանուկները, որով նայելով ափրիկէի ապագային Մանուկներու աչքերով, կը նշանակէ ապագայի նոր միջավայր մը կերտել , հիմնուած՝ խաղաղութեան, արդարութեան եւ հաշտութեան վրայ։

Հանդիպումէն ետք Սրբազան հայրը Առաքեալական նուիրատան մէջ, հանդիպում ունեցաւ Պենինի եպիսկոպոսներուն հետ, ապա աւելի ուշ կը բաժնեկցի եղբայրական ագապին։








All the contents on this site are copyrighted ©.