2011-11-19 12:53:37

Ով էր Կարտինալ Պերնարտին Կանթէնը։


Կարտինալ Կանթէն ծնած էր 1922-ին ։ 1936-ին կը մտնէ Օուիտահի Կղերանոցը (իր ծննդավայրը) եւ ուսմանց աւարտին ` Թոկոյի Լոմէ քաղաքի մէջ Քահանայ կը ձեռնադրուի 1951ին։

Առաջին տարիներուն կը ստանցնէ դասատուի պաշտօնը (որպէս լեզուագէտ), միաժամանակ զբաղելով շրջակայ զանազան գիւղերու հովուութեամբ։ 1953ին կը փոխադրուի Հռոմ ուր կը մասնագիտանայ Աստուածաբանութեան եւ Եկեղեցական Կանոնագիտութեան մէջ։

1956ին կը նշանակուի Գոթոնուի տեղապահ Եպիսկոպոս եւ 1957ին Հռոմի մէջ կը ստանայ Եեպիսկոպոսական օծումը ։ 1960ին Յովհաննէս ԻԳ. Երջանկայիշատակ Քահանայապետի օրով կը ստանայ Գոթոնուի Արքեպիսկոպոսի տիտղոսը։

Պենինի Կաթողիկէ Եկեղեցին Կարտինալ Կանթէնին կը պարտի իր կազմաւորումը թեմական` տնտեսական ու դաստիարակչական գետնի վրայ։ Կարտինալ Կանթէնը յատուկ ուշադրութեամբ հետեւած է նաեւ քահանայական կոչումներու հոգատարութեամբ։

1971ին Պօղոս Զ. օրով Հռոմ կը կանչուի Ժողովուրդներու Աւետարանացումի Ժողովին որպէս ենթաքարտուղար ու երկու տարի ետք կը դառնայ սոյն Ժողովի քարտուղար։ 1975ին զանազան պաշտօններէ անդին կը ստանցնէ նաեւ Գոր Ունում-ի (Մէկ Սիրտ) կոչուած քահանայապետական մարդասիրական կազմակերպութեան փոխ նախագահի պաշտօնը, ու 1978ին կը դառնայ նոյն կազմակերպութեան նախագահ։ 1984ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ օրով կը նշանակուի Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ` պաշտօն մը որ կը վարէ մինչեւ 1998-ը։
Որպէս եպիսկոպոս Կարտինալ Կանթէն մասնակցած էր Վատիկանեան Բ.Տիեզերական Ժողովին եւ այլ զանազան եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսներու։ 1993ին Կարտինալ Կանթէնը կը դառնայ Կարտինալակն Դասի Գահերեցը։ 30 նոյեմբեր 2002ին տարիքի բերումով կը ներկայացնէ իր հրաժարականը ու կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։ Ան կը վախճանի երկար հիւանդութենէ մը ետք Փարիզի մէջ 13 մայիս 2008ին։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ մեծ շուքով Պենինի մէջ ու երկրի օդակայանին կը տրուի Կարտինալին անունը ։ Անոր Մարմինը կը զետեղուի, իր իսկ փափաքով Օուտահ-ի Նորնծայարանի մէջ, Գերապայծառ Լուիս Բարիզոդի դամբանի մօտ որ Կարտինալ Կանթէնի համար եղած էր <<հայր ու դաստիարակ>>։

Կարտինալ Կանթէն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մտերիմ բարեկամներէն մին էր, ու անոր աշխատակիցը, եւ 1977ին անոնք նոյն օրը միասին ստացած են Կարտինալական աստիճանը ։ Կարտինալ Կանթէն հանդիսացած է որպէս Ափրիկէի եւ աշխարհի ամենէն երիտասարդ Եպիսկոպոսը, տրուած ըլլալով որ 34 տարեկանին ստացած էր Եպիսկոպոսական Օծումը։ Կարտինալ Կանթէն եղած է Հայրենիքի Հայր` Ազգային հերոս եւ Ափրիկէյի մեծ զաւակը։

Երբ վերջնականօրէն պիտի վերադառնար իր ծննդավայրը Կարտինալ Կանթէն յայտարարծ էր <<Երբ Հռոմ հասայ հետս բերի Ափրիկէն, իսկ այժմ կը վերադառնամ Պենին ու Հռոմը Ափրիկէ կը տանիմ։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.