2011-11-18 12:50:21

Սրբազան Քահանայապետին Պենին Կատարած Հովուական Այցելութեան Առթիւ Համերգ։


Սրբազան Քահանայապետին Պենին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առթիւ Ռատիովատիկանի եւ Պենինի հեռուստատեսիլի ու Ռատիոյի գրասենեակի համագործակցութեամբ՝ Գոթոնուի Րէնէ Փլեվէն Տաքբաքբա մարզադաշտին մէջ նախաձեռնուած է համերգ մը <<ամէնքս միասին հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ>>խորագրով։
Համերգին կը մասնակցին Գոնկոյէն Ափրիկեցի աշխարահահռչակ երգիչ Գոնկոլացի՝ Բաբա Ուէմպան, Անկոլացի Պոնկան եւ Կինէյա Պիսսոյէն ֆիլոմէնոն։ Այս երեք արուսետագէտները Ռատիովատիկանի նախաձեռնութեամբ՝ հրատարակեցին նաեւ խտացեալ սկաւառակ մը <<Աֆրիքա Թէնտա ամանի>> խորագրով, որ գիշուալի լեզուով կը նշանակէ <<Ափրիկէ հաշտուէ >> ։








All the contents on this site are copyrighted ©.