2011-11-18 15:58:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պենինի մէջ ։
Բարի Գալուստի Արարողութիւնը:


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 18 նոյեմբերի առաւօտուն մեկնեցաւ Պենին ուր ժամանեց ժամը 15ին Գոթոնուի Կարտինալ Պերնարտին Կանէթնի անուան օդակայանը , եւ ուր տեղի ունեցաւ Բարի Գալուստի Պաշտօնական արարողութիւնը։
Սրբազան Հայրը ի պատասխան Պենինի նախագահի ճառին, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց սիրալիր հիւրընկալութեան համար. հաստատեց իր մօտիկութիւնը հանդէպ Պենինի բնակչութեան ու ընդհանրապէս Ափրիկեան ցամաքամասի ժողովուրդին, ապա նշեց Առաքելական ճամբորդութեան նպատակները որոնք են՝ Պենինի աւետարանացման 150րդ տարեդարձը, Վատիկանի ու Պենինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 40 ամեակը, Ափրիկէի Սիւնհոդոսի որպէս արդիւնք հրատարակուած Առաքելական Յորդորագիրի ներկայացումն ու յանձնումը , ու ապա երջանկայիշատակ Կարտինալ Կանթէնի հանդէպ մեծարանքը։ Հուսկ Սրբազան հայրը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց տեղւոյն կրօնապետերուն, գնահատելով անոնց իմաստութիւնը եւ երկրի բալելաւման ի նպաստ աշխատանքը։ Պենետիկտոս ԺԶ ապա անդրադարձաւ երկրի արդիանականացումի անցքի մասին, մատնանշելով որ անիկա պէտք է հիմնուի հասարակաց բարիքի համար ու այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը նշեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բերած սատարը ի մասնաւորի դաստիարակչական եւ առողջապահական գետնի վրայ։
Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց Պենինի նախագահին յայտնելով իր բարեկամական եւ եղբայրական զգացումները ու տեղական ֆոն լեզուով ըսաւ ''Աստուած Օրհնէ Պենինը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.