2011-11-18 12:50:55

Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճանի Տուչութեան Փարիզի եւ Արնուիլի Կաթողիկէ Հայոց Ժողովրդապետին։


Շաբաթ 19 Նոյեմբերի ժամը 18.30-ին, Արնուիլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Հանդիսաւոր Ս Պատարագ պիտի մատուցէ ժողովրդապետը գեր. Հ Գէորգ վրդ Ասատուրեան, եւ որուն ընթացքին պիտի նշուի անոր քահանայութեան 25-ամեայ յոբելեանը. արարողութեանց պիտի նախագահէ Փարիզի առաջնորդը՝ արհի. Գրիգոր եպ . Կապրոյեան։
Իսկ Կիրակի 20 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ, Գերապատիւ Հ. Գէորգ վրդ. Ասատուրեանի քահանայ ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանի առթիւ, հանդիսաւոր Ս Պատարագի ընթացքին, արհի. առաջնորդը՝ Գրիգոր եպ. Կապրոյեան ծայրագոյն վարդապետի աստիճան պիտի շնորհէ յոբելեար վրդ.ին, յանձնելով անոր լանջախաչն ու մատանին, առ ի գնահատանք անոր 25 տարիներու եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն մատուցած ծառայութեան համար ըլլայ Լիբանանի մէջ, յատկապէս երկրին դժուար պայմաններուն մէջ, ըլլայ նաեւ այս վերջին տարիներուն Փարիզի ու Արնուիլի ժողովրդապետութիւններու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.