2011-11-17 12:35:26

Սուրիա- Հալէպի Նարեկացի Երգչախումբի Ելոյթները։


Հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդարանին եւ Հալէպի մշակոյթի տնօրէնութեան, Հալէպի մէջ Նարեկացի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Մայէսթրօ Հ. Եղիշէ վրդ. Ճէնճիի, ընկերակցութեամբ նաեւ՝ Աութար նուագախումբին, տեղի պիտի ունենայ համերգային երկու երեկոյթներ, մին՝ շաբաթ 20 նոյեմբերին, Հալէպի Ազիզիէ պողոտայի վրայ գտնուող՝ Լատիններու մեծ ու հոյակապ եկեղեցւոյ մէջ, եւ երկրորդը՝ կիրակի 27 նոյեմբերին, Մշակոյթի սրահին մէջ (միշտ Հալէպ՝ Սապա պահրաթ պողոտայի վրայ)։
Երգչախումբը, մասնակցութեամբ նաեւ՝ փրօֆ. ֆատի Իսքէնտէրի, պիտի ներկայացնէ Անթոնիօ Վիվալտիի Կլօրիա 589-ն, եւ հայ եւ արաբ երաժշտագէտներու դասական գործերէն փունջ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.