2011-11-16 11:46:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 16 նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած 11.000 հազարէ աւելի ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալներուն որոնք հռոմ ժամանած են աշխարհի զանազան երկիրներէ ինչպէս Անգլիայ` Տանիմարք` Նորվեկեայ` Ճաբոն` Գանատայ` Միացեալ Նահանգներ` Գերմանիայ` Սպանեայ` Չուիցերեայ` Էլ Սալվատոր` Գոլոմպիայ` Վենեզուելլայ` Չիլի` Պրազիլ եւ Իտալիայ։

Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը շարունակելով Սաղմոսներու մասին իր խորհրդածութիւնը անդրադարձաւ թիւ 109 սաղմոսին։ Տէրն ըսաւ իմ Տիրոջս, <<Նստէ աջ կողմս, մինչեւ որ դնեմ թշնամիներդ` պատուանդան քու ոտքերուդ>>։
Այս սաղմոսին ամբողջ բովանդակութիւնը մեսիական է եւ ցոյց կու տայ Քրիստոսի առանձնաշնորհումները` տիեզեարական թագաւորի եւ յաւիտենական քահանայի, որոնք տրուած են ոչ թէ մարդկային գահակալութեամբ այլ ուղղակի Աստուծմէ։
Նոր կտակարանով Յիսուս կ՛իրականացնէ սաղմոսին բովանդակութիւնը։ Յաղթական մեսեան որ կը նստի Տիրոջ աջ կողմը։ Յիսուս ինքնին կը մատնանշէ այս իրողութեան <<Մարդու որդին որ կու գայ ամպերու մէջ զօրութեամբ ու փառքով`>>, իսկական թագաւորը որ իր յարութեամբ պիտի յաղթահարէ մահուան։ Յիսուս իր ուժը կը ստանայ Հօրմէ ու կը դառնայ փրկչագործութեան միջոց եւ Աստուածային յաղթանակի նշան ընդէմ չարին։
Քրիստոսը աւագ քահանայապետն է որ կը բարեխօսէ բոլոր անոնց համար որ կը մօտենան Աստուծոյ։ Ան մեզի ցոյց կու տայ իսկական թագաւորութիւնը որ է ապրիլ ծառայելով ու անձնուիրումով` հնազանդութեան հոգիով եւ անհուն սիրով ։
Մենք եւս որ դարձանք <<ընտրեալ ժողովուրդ>> կրնանք ձգտիլ փրկութեան աղբիւրին եւ համայն աշխարհի աւետել սքանչելիքնլերն Անոր որ խաւարէն մեզ առաջնորդեց դէպի լոյս։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խօսքին մէջ նշելով յառաջիկայ ուրբաթ 18 նոյեմբերին Պենին կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը ու հաւատաեցլաներէն աղօթքներ խնդրեց այս ճամբորդութեան դիտաւորութեամբ ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով երէկ նշեցինք Եկեղեցւոյ վարդապետ` Մեծն Սուրբ Ալպերթոսի տօնը ու այսօր կը յիշատակենք Սգոցիայի Սրբուհի Մարքարիտը` ողորմութեան գործիչը ինչպէս նաեւ Կրօնաւորուհի Սրբուհի Ճէրթրուտը. ասոնց օրինակը` սիրելի երիտասարդներ, ձեզի ըլլայ քաջալերանք մնալու հաւատարիմ Տիրոջ ու ձեզի` սիրելի հիւանդներ, օգնէ խաղաղութեամբ ընկալելու կեանքի պարգեւները ու ձեզի` սիրելի նորապսակեալներ, նեցուկ կանքնի կերտելու քրիտոնեայ իսկական ընտանիք մը։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրակա օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.