2011-11-16 12:34:41

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։

Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915). Գեղապաշտ հայ գրողը, որ զոհ գնաց թրքական եղեռնագործութեան ։


Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան զոհերէն է նահատակ գրող Արտաշէս Յարութիւնեան ։ Հայ մտաւորականութեան արժանաւոր ներկայացուցիչը հազիւ 42 տարեկան էր, երբ արեան մէջ խեղդեցուեցաւ անոր գեղեցիկ խօսքի եւ խորազգած խոկումի տաղանդաւոր ձայնը։
Արտաշէս Յարութիւնեան ծնած էր 1873-ին Ռոտոսթոյի մերձակայ Մալկարայի մէջ։ Հայ գիւղի հարազատ ծնունդ էր ան, որ հայոց հողին բոյրն ու գոյնը, լոյսն ու շաղը, համն ու յագեցնող ջուրը ամբողջապէս իւրացուցած էր եւ դարձուցած իր մտքին ու հոգիին կենսախինդ շաղախը։
Եղա՛ւ 1900ականներու գեղապաշտ սերունդին եւ անոր նուաճած Հայաստանեա՛ն Գրականութեան բարձրաճակատ դրօշակիրներէն, որ, ճիշդ է, եթէ չկրցաւ ճառագայթող աստղ մը դառնալ իր մշակած քերթողութեան կամ գրական-քննադատութեան մէջ, բայց անվիճելիօրէն կրցաւ գեղարուեստական շքեղութեան հասցնել հայոց աշխարհաբարը։ Արտաշէս Յարութիւնեան գրեթէ ամբողջ կեանքը ապրեցաւ իր ծննդավայրին մէջ, թէեւ վաղաժամ պո- կեցին անոր կեանքին թելը։ Հնարաւորութիւն չունեցաւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու, որովհետեւ ստիպուեցաւ կանուխ տարիքէն կեանքի ասպարէզ նետուիլ եւ ապրուստը ապահովել։ Բայց իր ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցէն ստացած ուսումը եւ ֆրանսերէնի իմացութիւնը ինքնաշխատութեամբ այնքան զարգացուց, որ կրցաւ ոչ միայն ֆրանսական գրականութեան նորաշունչ հոսանքներուն մօտէն հետեւիլ եւ քայլ պահել իր ժամանակին հետ, այլեւ՝ համապատասխան նորարարական շունչ բերել քսաներորդ դարասկիզբի հայ գրականութեան։
1908- Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ սերունդը իր փառքերի օրերը ապրեցաւ, երբ «Մենք»ն ու «Մեհեան»ը, «Նաւասարդ»ն ու «Ազատամարտ»ը նոր ու լայն հորիզոններու բացին հայ գրականութիւնն ու ընդհանրապէս Հայ Միտքը, Արտաշէս Յարութիւնեան աշխոյժ մասնակիցն ու յառաջապահ դրօշակիրը մնաց վերազարթնումի եւ վերանորոգման այդ բոլոր շարժումներուն։
1910ին իր լոյս ընծայած բանաստեղծական երրորդ հատորով՝ «Նոր Քնար»ով, Արտաշէս Յարութիւնեան հայ գրականութեան ընծայեց ուշագրաւ քանի մը գործեր, որոնք զինք արժանացուցին նահատակ մեր գրողներու կրտսեր արժանաւորներու պատուանդանին։

1913ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պոլիս՝ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու համար գրական հրապարակի աշխուժացման։ Բայց հասունացման իր տարերքին հասած Արտաշէս Յարութիւնեանի երթը յանկարծ խափանուեցաւ 1915ի Ապրիլ 24ին, երբ մեր հոգեմտաւոր ամբողջ սերունդը բրտօրէն ձերբակալուեցաւ, հաւաքաբար աքսորուեցաւ եւ նահատակուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.